Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոսին, Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններուն շուրջ:
Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներուն մէջ շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով:
Առաջարկուեցաւ, որ թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան:
Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը՝ Հալէպ: