ԹԵՀՐԱՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Թեհրանի մէջ կայացաւ Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան եռակողմ գագաթնաժողովը, որուն ընթացքին երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին Սուրիոյ տագնապը եւ յատկապէս ահաբեկիչներու որջի վերածուած հիւսիսային Իտլիպ նահանգի հարցը՝ չկարենալով սակայն լուծել իրենց տարակարծութիւնները։
Եռակողմանի ժողովէն առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ, որմէ ետք սկսաւ եռակող հանդիպումը:
Հանդիպումէն ետք, Էրտողան դարձեալ քննադատեց Իտլիպի վրայ ռուսական եւ սուրիական յարձակումները՝ պնդելով. «Իտլիպը կարեւոր է ոչ միայն Սուրիոյ ապագային, այլեւ մեր ազգային ապահովութեան եւ տարածաշրջանի ապագային համար: Իտլիպի դէմ ռազմական գործողութիւնները ողբերգութեամբ պիտի աւարտին: Չենք փափաքիր, որ Իտլիպը արեան ծով դառնայ եւ այդ պատճառով ալ պէտք է ճիշդ ելք գտնենք այս հարցին: Իտլիպի մէջ կան բազմաթիւ քաղաքացիներ. պէտք է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի ռմբակոծումէն չտուժեն անոնք: Ժողովուրդը արդէն իսկ լրջօրէն վտանգուած է, եւ գաղթը սկսած է»:
Յիշեցնենք, որ Իտլիպ ապաստանած են Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ եկած իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու անդամներ եւ անոնց ընտանիքները։ Կը կարծուի, որ տեղացիներուն հետ միասին, նահանգին մէջ տակաւին կը մնան մօտաւորապէս 3 միլիոն քաղաքայիններ եւ զինեալներ։
Սակայն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անհիմն նկատեց այս հանգրուանին զինադադար հռչակելու Էրտողանի կոչը՝ նշելով. «Սուրիոյ մէջ տակաւին կան զինեալ ահաբեկիչներ եւ անոնք Իտլիպ կը գտնուին: Նախկին վեհաժողովներուն ընթացքին վաւերացուած որոշումները յաջողութեամբ կ՛իրականացուին, եւ անոնց շնորհիւ ահաբեկչութիւնը գրեթէ ոչնչացուած է: Սուրիոյ հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնուած են: Մնացած ահաբեկիչները կ՛օգտուին ապահովական գօտի համարուող Իտլիպ նահանգին մէջ իրենց շնորհուած ազատութիւններէն եւ սանդրանքներու կը դիմեն՝ օգտագործելով նաեւ քիմիական զէնքեր»:
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտնեց. «Այսօր, այս երեք երկիրները տարածաշրջանային հարցերու լուծման համար երրորդ վեհաժողովը գումարեցին: Նշեցինք, որ ռազմական ճամբան լաւագոյնը չէ սուրիական ճգնաժամը լուծելու համար, եւ միայն Սուրիոյ կառավարութեան փափաքով է, որ Իրանը Սուրիոյ տարածքին մէջ է։ Իրան կը գիտակցի, որ տարածաշրջանի որոշ երկիրներ մտահոգ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետեւանքներով, սակայն Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլը անխուսափելի՛ է: Իրանը խաղաղութեան համար կը պայքարի եւ կ՛ուզէ, որ այդ պայքարը վնաս չհասցնէ քաղաքացիներուն»:
Ռոհանի նաեւ աւելցուց, որ միջազգային համայնքը պէտք է լրջօրէն սկսի քննելու Սուրիոյ վերակառուցման գործնականապէս աջակցելու հարցը եւ միջոցները։
Յիշենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, թէ այս հանդիպումը պիտի կայանայ Թաւրիզի մէջ։
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, թէ Սեպտեմբեր 7ին, ռուսական ռազմական օդանաւեր դարձեալ ռմբակոծած են Իտլիպի հարաւարեւմտեան շրջանները՝ սպաննելով առնուազն 5 հոգի։