ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին ընտրութիւններուն նախորդող օրերէն ի վեր իր մասին բաւական խօսիլ տուող քաղաքագէտ մը դարձած է իսլամական Երջանկութիւն կուսակցութան ղեկավար Թեմել Քարամոլլաօղլուն։ Ան վերջերս հետաքրքրական դիտողութիւն մը կատարեց նախագահ Էրտողանի մէկ թելադրութեան կապակցութեամբ։ Արդարեւ, Էրտողան ժողովուրդը հրաւիրած էր թրքական լիրայի վերածել այն տոլարներն ու դրամները, զորս անոնք կը պահեն բարձի տակ՝ ազգային դրամանիշը զօրացնելու նպատակով։
Քարամոլլաօղլու ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ բարձերու տակ պահուած քանի մը լիրան կրնայ այս երկիրը փրկել։ Արդէն իսկ ժողովուրդին բարձին տակ դրամ չմնաց, որպէսզի այդ դրամը թրքական լիրայի վերածէ»…