ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութեան Սեպտեմբեր 6ի նիստին, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Իրանին եւ անոր գործակից խմբաւորումներուն պիտի չարտօնէ ռազմակայաններ հաստատել Սուրիոյ սահմաններէն ներս, կամ՝ արդիական զէնքեր տեղադրել հոն:
«Մենք պիտի գործադրենք կարելի բոլոր ջանքերը, որպէսզի կանխարգիլենք Թեհրանի՝ Իսրայէլի սահմաններուն մօտերը բարձր ճշգրտութեամբ զէնքեր տեղադրելու բոլոր փորձերը», ըսած է Նեթանիահու: