Օգոստոս 25էն 26, Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 46րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ էին Գանատայի տարբեր շրջաններէն եկած 32 պատգամաւորներ, ներկայացնելով իրենց մասնաճիւղերը՝ «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ»՝ Մոնթրէալ ու Լավալ, «Արամ Մանուկեան»՝ Քեմպրիճ, «Արշաւիր Շիրակեան»՝ Վենքուվըր եւ «Սիմոն Զաւարեան» Թորոնթօ: Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէիի ԳԵՄի մօտ ներկայացուցիչ Արա Քրճիքեան: Հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի, ՀԵԴ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԳԵՄի Վանաձորի ամառնային ճամբարի տնօրէնուհին:
Ժողովին ընթացքին, պատգամաւորները բազմակողմանի քննարկումներ կատարեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի աշխատանքները:
Ժողովի օրակարգի քննարկուող կարեւոր նիւթերէն էին ԳԵՄի կազմակերպական առաւել աշխուժացումը, ՀՅԴ ԳԵՄի Վանաձորի ամառնային ճամբարը ու այս տարի իրականացած Սպիտակի ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան շարունակականութիւնն ու տարածումը, Հայ Դատի գծով ԳԵՄի քաղաքական գործունէութիւնն ու դաստիարակչական այլ ծրագիրները:
Ժողովը յատուկ կերպով կարեւորեց ՀՅԴ ԳԵՄի Հայաստանեան ամառնային ճամբարներու ծրագիրի ընդլայնումը: Հիմնուելով փորձառութեան վրայ անցնող 8 տարիներու, որոնց ընթացքին ԳԵՄականները Վանաձոր քաղաքին մէջ դաստիարակչական ճամբար իրականացուցած են, որոշուեցաւ աւելի մեծ թափով շարունակել գործը ու Սպիտակի ճամբարն ալ դարձնել տարեկան ճամբարային ծրագիր: Վերոնշեալ ճամբարնները հարիւրաւոր վանաձորցի երեխաներու ծառայած են արդէն, իսկ այս տարուան նոր կազմակերպուած Սպիտակի ճամբարին մասնակցած են 125 պատանիներ:
Երկօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովը ընտրեց 2018-2019 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը: