ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ազատութիւն».- Վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ իրանեան դիրքեր ռմբակոծող Իսրայէլ կը մերժէ բացառել Իրաքի տարածքին իրանեան զինուորական թիրախներու օդային հարուածներ հասցնելու կարելիութիւնը:
«Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ զարգացումներուն, ներառեալ՝ իրանեան սպառնալիքին։ Մենք մեր գործողութիւնները պիտի չսահմանափակենք միայն Սուրիոյ տարածքով եւ այս իրողութիւնը պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ», ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման, պատասխանելով Իրաքի մէջ եւս իրանեան դիրքեր հարուածելու մասին հարցումին:
Լիպըրմանի յայտարարութենէն առաջ հաղորդուած էր, թէ Իրան հրթիռներ տրամադրած է Իրաքի մէջ գործող շիի զինեալ ուժերուն:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ըսած է, որ Ուաշինկթըն խիստ մտահոգ է այդ իրադարձութեամբ:
Թեհրան եւ Պաղտատ կը հերքեն այդ լուրը: