Իւրաքանչիւր վերամուտ իր երազանքներու եւ յոյսերու հրաշակերտ շարանով կը պարուրէ բոլոր անոնք, որոնց միտքերն ու հոգիները լոյսի, պայծառութեան ու գիտութեան անյագ ծարաւով կը թեւածեն: Թերեւս ոմանց համար շատ զգացական թուի այս արտայայտութիւնը, բայց մարդը ու մնացեալ բոլոր արարածները միշտ տարբերած են իրարմէ, մարդուն բանականութեամբ, եւ անշուշտ զայն որպէս մարդ ամբողջացնող, զարդարող ու անոր միտքին խորք ու հասունութիւն պարգեւող զգացականութեամբ:
Նմանօրինակ զգացականութեամբ զեղուն պահով ողողուած էր հայատրոփ Փոքրիկ Հայաստանի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային կէս դարեկան կրթօճախի իւրաքանչիւր գողտրիկ անկիւն: Այդ անկիւնները, որոնք հմայք ունին միայն հոն առօրեայի վերածող աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար: Այն անկիւնները, որոնք իմաստ ունին հոն անվերջ ճեմող ու վազվզող փոքրիկ ոտքերուն համար: Այդ անկիւնները, որոնք ապագայի յստակ ճանապարհի անհաստատ քայլերով կը կոփեն նորահաս սերունդի իտէալական բարձրաթռիչ երազները: Անկիւններ, որոնց մասին պիտի վկայեն իրերայաջորդ սերունդները, պիտի փոխանցեն անհատնում դրուագները իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի կամ երբեմն տխուր օրերուն մասին: Այդ անկիւնները թեքերողները տարիներ ետք պիտի ըսեն. «Աղջիկս գնայ դպրոցի բակին առաջին ծառին տակ նստէ ու հատ մըն ալ նկարուիր ու «սելֆոնիս» ղրկէ նկարը…», կամ. « Ո՞ր յարկն է «լաքըր»դ, Օ՜հ… իմս ճիշդ անոր քովինն էր»… Եւ այսպէս, մանր-մունր բաներ, որոնք ինքին կեանքի ուղին կը լեցնեն զինք իմաստաւորող գեղեցիկ ու փոքր ժպիտներով:
Կեանքը կ՛եռար դպրոցի բակին մէջ 20 Օգոստոսի առաւօտեան: Ալեքսանտրիա փողոցն ալ քիչ մը աւելի եռուզեր ունէր այս առաւօտ: Անհամբեր ծնողները իրենց երեխաները կ՛առաջնորդէին ճեփ-ճերմակ մաքուր փոլոներով եւ նոր ու պսպղուն կօշիկներով, անշուշտ լայն ժպիտներով ու յուզումնախառ ապրումներով:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի շրջափակը արդէն սկսած էր նեղ գալու առաւել քան 730 հայ սաներուն համար: Նորեկներ, նախ-կիններ, կրկին վերադարձողներ եւ շրջանաւարտներ: Աշակերնտերը բոլորը մէկ հաւաքուած ու շարուած իրենց համար վերապահուած տեղերը՝ հերթով անցան «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահ, պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը վայելելու համար:
Օրուան հանդիսավարը՝ Անժելա Գազանճեան, թուաբանութեան եւ գիտութեան տարիներու վաստակաւոր դասատուն, Սուրբ Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հրաւիրեց, որպէսզի աղօթքով կատարէ բացումը, ինչպէս նաեւ վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի նախագահն ու փոխնախագահը, որպէսզի ազգային խոստումները կատարեն պատշաճ ձեւով: Ապա Գազանճեան իր ողջոյնի ջերմ խօսքով բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Վարժարանի այս տարեշրջանի նշանաբանի «Մէկ»ի մասին թուաբանական իր հաճելի դարձուածքով ան յիշեցուց, որ տիեզերական ամբողջութեան խորհրդանիշն է մէկը թուաբանական աշխարհին համար: Այս իսկ առումով, ամբողջութիւն եւ միացումն է մեր վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի կիզակէտը:
Հանդէս եկաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամաներէն Սարգիս Ուրֆալեան՝ իր պատշաճ խօսքով ու յորդորիչ խրատներով: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ վարժարանի յարկին տակ կատարուած վարչական փոփոխութեան: Նոր համադրութեան համաձայն՝ վարժարանը ունի ղեկավար, յանձինն դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, իսկ գործադիր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ տարիներու փորձառու խորհրդատու Մարալ Դաւիթեան: Ուրֆալեան ուժ եւ կորով մաղթեց աճող ու օրէ օր յաջողութիւններ արձանագրող Ազգային վարժարանի ամրակուռ կառոյցին եւ յարատեւութիւն՝ ազգային իր առաքելութեան սուրբ ճանապարհին, որուն համար անվերապահօրէն եւ բացարձակ նախանձախնդրութեամբ կը գործեն վարժարանի ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւն եւ գաղութը: Ան վստահութեամբ հաստատեց, թէ նոր տնօրէնուհին՝ Մարալ Դաւիթեան, նախորդներուն նման, խղճամիտ բծախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, ի գին հայ Ազգային վարժարանի ու հայ աշակերտի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանիս նորանշանակ ղեկավարը՝ դոկտ. Ալինէ Դուրեան: Ան իր գոհունակութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց ի տես Ազգային վարժարանի վերամուտին ու անոր շուրջ հաւաքուած հայ աշակերտին խանդավառութեան: Ան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր տարեմուտի, այս տարի եւս նոր ծրագիրներու շարք մը կը սպասեն իրականացման: Այդ աշխատանքը՝ իբրեւ միատարր էութիւն եւ մէկ եւ միակ ամբողջութիւն պիտի կատարէ վարժարանի անձնակազմը իր ղեկավարութեամբ եւ նոր տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի առաջնորդութեամբ: Ան աւելցուց, թէ Փիլիպոսը, միշտ անսալով «Մէկ»ի գաղափարին՝ յառաջատարը ե-ղած է ուսում, կրթութիւն եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբումի եւ միշտ ալ պիտի մնայ այդպէս: Ինչպէս միշտ, դոկտ. Դուրեան իր սիրոյ ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց նուիրեալ դասատուներուն եւ աշխատակազմին, ու իր անսահման սէրը յայտնեց աւելի քան 730 աշակերտներուն, որոնք 181 օրերու մէջ պիտի դառնան վարժարանի ղեկավարները եւ գերազանցօրէն պիտի նուաճեն նոր բարձունքներ իրենց երազներու եւ ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին վրայ:
Ապա բեմ բարձացաւ վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեան՝ իր անդրանիկ ուղերձը ներակայացնելու 2018-2019 տարեշրջանի աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն, գաղութի ներկայացուցիչներուն պատկան մարմիններուն եւ նախկին շրջանաւարտներուն, որոնք ստուար թիւով եկած էին իրենց չյագեցող կարօտը առնելու սեփական օճախէն: Տպաւորիչ, համեստ եւ գործնական էր տնօրէնին խօսքը, ինչպէս իր անձը եւ գործունէութիւնը, զորս ճանչցած ենք երկար տարիներու իր լուր ու համեստ աշխատանքին ընդմէջէն: Դաւիթեան հաստատեց, թէ իր ամբողջ ուժով ու կորովով պիտի գործէ հայ վարժարանի վերելքը ապահովելու եւ «Փիլիպոս»ի նուաճած արժանաւոր վարկը պահպանելու եւ նոր բարձունքներու հասցնելու համար: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախկին տնօրէնին ու պատկան մարմիններուն, որ իրեն վստահեցան այս պատասխանատու պաշտօնը: Ան խոստացաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը յաջողցնել բարձր գիտակցութեամբ ու հայեցի անաղարտ ոգիով: Ան հաստատեց, թէ պիտի առաջնորդէ սիրելի վարժարանը եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ, վարժարանին ինքնութիւնը աւելիով ամրապնդելու հայ գաղութին եւ համայնքին մէջ:
Վարժարանի բոլոր խաւերէն կազմուած խումբ մը ներկայացուցիչներ իրենց պատգամները ներկայացուցին՝ միասնաբար առաջնորդելու միտումով եւ «Ես եմ, Դուն ես, Մենք ենք «Փիլիպոսը»» լօզունգը կրող պաստառը միասնաբար բարձացուցին:
Աւարտին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան իր զօրակցութեան ամբողջական կամեցողութիւնը եւ խոստումը փոխանցեն նոր տնօրէնուհիին, միշտ անվերապահ գործակցութեան պատրաստակամութիւնը ունենալով: Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան կարդաց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ուղերձը ներկաներուն:
Առաջնորդ սրբազանը, ինչպէս միշտ, Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնելով բարի եւ յաջող երթ կը մաղթէր մեր վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Ան կը հաստատէր, թէ հայ վարժարանի ներդրումը անմասն է մեր ազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Առ այդ, մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր նոր սերունդէն, ու շատ բան կայ վստահուած անոնց ուսերուն, որուն համար վստահ ենք, թէ մեր վարժարանները կը կերտեն հայ նոր սերունդը համապատասխան բծախննդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ եւ ազգային հզօր ինքնութեամբ: Սրբազան հայրը կը շեշտէր ամէնօրեայ ազգային ոգիի ներարկման հիմնական պատասխանատուութեան մասին: Հայ մանուկը հայերէնը, գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը սորվելով, այս արժէքներուն հանդէպ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ վարժարանէն ներս ու իր հետ կը կրէ ամբողջ կեանք մը՝ իբրեւ ինքնութեան հպարտ կնիք: Հայ աշակերտին այս բոլորը փոխանցելու ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւնը յանձնուած է հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ ու ակումբին: Աւարտին, ամբողջական մարդակերտումի եւ հայակերտումի այս սուրբ կրթօճախը միշտ վառ մնալու մաղթանք կ՛առաքէր առ Աստուած եւ կը շեշտէր թէ, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս, բոլորին գուրգուրանքին առանձքը պիտի դառնայ հայ վարժարանը:
Աւարտին ծնողները փոքրիկ հիւրասիրութեամբ մը պատուըւեցան եւ հաւաքուեցան Հայ կեդրոնին մէջ, իսկ աշակերտները իրենց համապատասխան դասարանները ուղղուեցան, շարունակելով առաջին օրուան դասերու ծրագիրը:
Բարի երթ մեր բոլորին սիրելի հայ Ազգային վարժարնին‘ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսին:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)