ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան չորս անդամներ Ուրբաթ, 31 Օգոստոսին յայտարարեցին, որ որոշած են դուրս գալ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութենէն եւ Երեւանի աւագանիի «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակէն: Մարինա Խաչատրեան, Խաչատուր Շահբազեան, Կոնստանտին Ղարիբեան, Աստղիկ Պետրոսեան իրենց այս որոշման մասին տեղեկացուցած են կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանջեանին:
Որոշման համար, ըստ տարածուած հաղորդագրութեան, պատճառ հանդիսացած է «խօսքի եւ գործի անհամապատասխանութիւնը»: