«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այն օրէն, երբ ընտրապայքարի ազդանշան տրուեցաւ, այս պարագային՝ Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար, երկրին մէջ տիրապետողը դարձաւ ընտրապայքարին թելադրած մթնոլորտը, որուն ընթացքին դժուար թէ կարելի ըլլայ ակնկալել, որ պայքարող կողմերը իրարու սիրոյ պատգամներ պիտի փոխանցեն:
Այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ հիմա, եւ այդպէս պիտի չըլլայ նաեւ այն օրէն, երբ պիտի յայտարարուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու թուականը:
Այս հանգրուանին, մամուլն ու թեկնածուներու քարոզչական պատասխանատուները իւրաքանչիւր թեկնածուի պիտի հետեւին խոշորացոյցով, եւ որքա՛ն ալ անընդունելի ու մերժելի ըլլայ՝ պիտի դիմուի զրպարտանքի, ինչպէս է պարագան ՀՅԴի թեկնածուին՝ Միքայէլ Մանուկեանի մասին հրապարակումներուն, պիտի ընդգծուին մրցակից թեկնածուներու ձախաւեր յայտարարութիւնները, ինչպէս է պարագան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» դաշինքի թեկնածու Հայկ Մարութեանի՝ «Սեւ ու Սպիտակ»ի ու «մեր դէմ խաղ չկայի» խօսքերուն:
Քաղաքական ուժերը, որոնք որոշած են մտնել այս ընտրապայքարը, անշուշտ որ իրենց քարոզչութիւնը պէտք է տանին որոշ բարոյական չափանիշներով եւ խուսափին զրպարտանքներ ուղղելէ իրենց մրցակիցներուն:
Ընտրապայքարին բարոյականութիւնը, սակայն, չի կրնար ծածկել թեկնածուներու թերութիւնները, եւ անոնց հանդէպ սուր քննադատութիւնները պէտք է դիտել այդ պայքարի տրամաբանութեան ծիրին մէջ: Այդ տրամաբանութեամբ կարելի է սուր հարուածներ ուղղել Թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուին դէմ: Այդ սլաքները, անշո՛ւշտ, կրնան ուղղակիօրէն հարուածել վարչապետին կուսակցութիւնը, որուն թեկնածուն եւս մտած է պայքարի, եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն՝ վարչապետի՛ն, որ ի վերջոյ իր օրհնութիւնը տուած է այդ թեկնածութեան նշանակման գործին:
Եւ ասիկա՝ բնակա՛ն է:
Կարեւորը ա՛յն է, որ այդ «սլաք»ներէն քիչ մը բան սորվին ու խելքի գան «մեր դէմ խաղ չկայ» մտածող ամբոխավարները:
Առաջին սլաք-հարուածը, «բարեկամական» խորհուրդի կարգով, արդէն իսկ եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանէն, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհուրդ տուաւ անդրադառնալու Հայկ Մարութեանը փոխարինելու կարելիութեան, ըսելով որ՝ «կը կարծեմ, որ Հայկ Մարութեանը լաւ չէ ըմբռնած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան պատճառն ու իմաստը եւ բարեկամաբար խորհուրդ կու տամ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին լրջօրէն անդրադառնալու իրենց ցանկը գլխաւորող թիւ մէկը փոխարինելու կարելիութեան»:
Ինչու հստակ բառերով չենք կրնար կոր ըսել, որ աս նոր իշխանութեան մարդիկը ճամբայ ելած են ամէն մարդ սեւցնելու եւ իրենց էշը ճերմակ ցցընելու համար: Մարութեանին սեւ-ճերմակի խօսքէն աւելի յստակ փաստ կրնա՞յ ըլլալ: Չէ որ անոր պոսն ալ նոյն խելքով կաշխատի. մի նայիք որ Մարութեանին ըսածը դարմանելու համար, կըսէ որ պէտք է ուրիշ գոյներով ալ դիտել միայն սեւ եւ ճերմակ չտեսնել: Իր մօրուքն իսկ սեւ եւ ճերմակ է:
Իրական ընտրութեան պայքար ընելու համար, Հայաստանը դեռ շատ ճամբայ պէտք է կտրէ. այսօրուան պոսերը պէտք է պզտիկ հաշիւներէն դուրս գան եւ երկիրը եւ ժողովուրդը հազար կտորի վերածելու ճամբայէն հրաժարին: Քաղաքները, գիւղերը, դպրոցական հաստատութիւնները ամէն տեղ երկու երեք կտորի վերածուեցան Մայիսէն ի վեր, վերջանալիքը չիկայ: Եթէ չենք տեսներ կոր որ ասոնց բոլորին մէջ վարչապետին եւ իր մարդոց մատը կայ, մարդիկը ամէն բան պիտի ընեն որ ընտրութիւնները շահին առանց որոշ ծրագիրներ ունենալու, կը նշանակէ, որ բոլորնիս ալ փոքր մանուկներ ենք:
Իսկ անոնք որոնք կը տեսնեն եւ չեն խօսիր՝ ոչ միայն վախկոտ են, այլեւ՝ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին դաւաճա՛ն: Այլեւս պէ՛տք է ըսել՝ «Պրն. Փաշինեան, բա՛ւ է հիասթափեցնէք հայութիւնը: Կա՛մ քայլ առէք դէպի իսկակա՛ն բարեփոխում, եւ կամ՝ քաշուեցէ՛ք մէկ կողմ, ճամփայ բանալու իսկապէ՛ս ժողովուրդին մասին մտածող ղեկավարութեան մը առջեւ…:»