Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր հայրենիքի անցած ուղիին կապուած կը պարզուի որոշ երեւոյթներու պատկեր մը, որ կ՛ամփոփուի երեք կէտերու մէջ.
1.- Մէկ միլիոն մարդ արտագաղթած է Հայաստանէն:
2.- Բնակչութեան 50 առ հարիւրը աղքատացած է:
3.- Պետական պիւտճէի պարտքը անցած է 7 միլիառ տոլարը:
Աւելի՛ն. կը հաստատենք հետեւեալը. բազմաթիւ սպանութիւններ, անոնց մէջ՝ Ազգային ժողովի նախագահ, վարչապետ, փոխնախարար, գլխաւոր դատախազ, քաղաքական դէմքեր, ապստամբութեան փորձեր եւ ապստամբներու ձերբակալութիւններ, դատավարութիւններ եւ անոնց պատճառով‘ բանտարկեալներ:
Այսօր անցած են այդ փուլերը, եւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր քաղաքական ուժերու ձեւաւորում տեղի պիտի ունենայ կամ ձեւաւորուելու ընթացքի մէջ է: Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան համար նախապէս ընդդիմադիր ճակատը եւ անոր խմբաւորումները կ՛օգտագործէին արդար ընտրութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, ընկերային ծառայութիւններու անբաւարարութեան եւ տարբեր տեսակի բռնութիւններու դէմ հռետորական արշաւներ:
Այսօր ժամանակը փոխուած է: Նիկոլ Փաշինեանի խմբակը նաեւ գիտէ, որ անցեալի լօզունգները չեն որ անպայման քուէ կ՛ապահովեն եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը ձեւաւորեն: Այսօր գալիք 15-20 տարիներուն համար ապագայ Հայաստանի ծրագիր պէտք է ներկայացնէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ:
Արդար, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումէն ետք անպայման որ ապագայ Հայաստանի ծրագիրներն են, որոնք պիտի խանդավառեն հանրութիւնը:
Սակայն Հայաստանի ժողովուրդը այս փուլին որքանո՞վ պատրաստ է կամ, աւելի ճիշդ, հասուն է, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ իր ունեցած բարձր գիտակցական կեցուածքին նման՝ այս փուլին ալ նոյն բարձր գիտակցութեամբ քուէատուփ երթայ: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք քաղաքական նոր ուժերու ձեւաւորման մէջ էական դերակատարութիւն պիտի ունենայ, առաջին անգամն ըլլալով, ժողովուրդը: Անկախութենէն ետք առաջին անգամ է, որ նման առիթի մը առջեւ կը գտնուինք ազգովին եւ, ինչպէս ժողովուրդը չընդունեց նախորդ իշխանաւորները, նոյն ժողովուրդը պիտի յառաջացնէ Ազգային ժողովի պատգմաւորներու իշխանամէտներու կամ ընդդիմադիրներու պատկերը:
Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ըստ այնմ պէտք է պատրաստէ ապագայ Հայաստանի իր ծրագիրը:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութենէն ետք միայն կրնանք ըսել, որ ընդդիմութիւն կայ: Մինչ այդ, բոլոր քաղաքական քայլերը՝ իբրեւ յեղափոխական կամ հակայեղափոխական կը թարգմանուին:
«Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ (Հայաստանի ժողովուրդին) ունեցած բարձր գիտակցական կեցուածքին»: Այսի՞նքն…: Ճամփաները, հրապարակները, պողոտաները փակելն ու վարչապետարանի եւ Ազգային Ժողովի շէնքի վրայ գրոհելո՞ւ բարձր գիտակցական կեցուածքը նկատի ունիք:
բան մը չըսելու վարպետութեան օրինակ մըն է աս գրութիւնը:
Քիչ մը մեր ակնոցէն առջեւ նայինք նէ կը տեսնենք, որ վերջին ամիսներու շարժումը բաւական լաւ բաներ բեաւ, բայց ընտրութիւններուն համար ուրիշ նպատակներ կը պատրաստուին, անոր համար ալ շատ բաներու մասին campainներ կըլլան, այսինչ կուսակցութիւնը դուրս հանելու եւ անծանօթներ մէջտեղ բերելու համար: Թերեւս ալ նոր ակնոց պէտք է ունինք, սինիէ ակնոց, վրան գրուած ըլլայ 21երորդ դարու 2018 տարի