ՊԱՂՏԱՏ.- «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրաքի մէջ Տիգրիս գետի ջուրերուն մակարդակը զգալիօրէն նուազած է, երբ Թուրքիայէն հոսող ջուրերուն քանակը գրեթէ կիսուած է՝ իբրեւ հետեւանք թրքական «Իլիսու» ամբարտակին կառուցման։
Մուսուլի եւ Պաղտատի մէջ գետի ջուրերուն մակարդակը հասած է աննախադէպ ցած մակարդակի, եւ այժմ շարք մը վայրերու մէջ զայն կարելի է քալելով անցնիլ, ինչ որ կը յառաջացնէ ճահճանալու վտանգը։
Իրաքի ջրային հարստութիւններու նախարար Հասան Ճանապի խորհրդարանին մէջ ջուրի տագնապին նուիրուած յատուկ նիստի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա խախտած է աւելի քան 2 միլիառ տոլար արժած ամբարտակին մէջ ջուրի ամբարման վերաբերեալ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի շուրջ համաձայնութիւնները:
Իրաքի խորհրդարանի նախագահը նախապէս յայտնած էր, թէ Իրաքի մէջ ջուրի տագնապը՝ առնչակից կողմերէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ արագ միջամտութիւն մը կը պահանջէ: Ան նաեւ քաղաքական ու ապահովական հարցերու կողքին՝ այս հարցով հանդիպում մը ունեցած է Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆաթիհ Եըլտըզի հետ: