ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը:
Քրեմլինի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այժմէական հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր շրջանային միութիւններու, մասնաւորապէս՝ ՀԱՊԿի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան) շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: