ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատպէյճանի սահմանի Ակնա բնակավայրէն դէպի արեւելք ինկած չէզոք գօտիին վրայ յայտնաբերուած էր Ատրպէյճանի բնակիչի մը դիակը:
Արցախի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով պետական յանձնաժողովը կը յայտնէ, որ 15 Օգոստոսին, Կարմիր խԽաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի միջնորդութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, իրականացուեցաւ մարմինը չէզոք գօտիէն դուրս բերելու եւ Ատրպէյճան փոխադրելու մարդասիրական գործողութիւնը: