Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան ներկայ եղաւ «Արարատ Տան» մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթի մը, որ տեղի կ՛ունենար հաստատութեան բնակարանային նոր բաժանմունքի պաշտօնական բացման առիթով։
Ներկայ հոգեւորականներուն հետ բացման աղօթքը կատարելէ ետք, առաջնորդ սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք մը. ան շնորհաւորեց հաստատութիւնը՝ տարեցներու յատուկ բնակարանային նոր համալիրի բացման առիթով, ապա գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարչութեան ու անձնակազմին նուիրեալ ծառայութեան մասին, որ կը մատուցուի մեր տարեց սերունդի ներկայացուցիչներուն։ Առաջնորդը գնահատեց հաստատութեան անձնակազմի անդամները, որոնք կը հետեւին Բարի Սամարացիի օրինակին՝ պատսպարեալներուն ու բնակիչներուն նկատմամբ իրենց հոգածու վերաբերմունքին ընդմէջէն։
Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանն ու մեր հոգեւոր հայրերը հետեւողական կերպով հոգեւոր խնամք ու ծառայութիւն կը մատուցեն «Արարատ Տան» բնակիչներուն ու անձնակազմին. օրինակ՝ տօնական օրերուն կը կատարուին յատուկ արարողութիւններ, իսկ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով հոն տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ եւ խաղողի օրհնութեան աւանդական արարողութիւն։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ հաստատութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեանը, շինարարութեան յանձնախումբի ատենապետ Նազար Աշճեանը, բնակարանային բաժանմունքի վարչուհի Ռիթա Նորվանեանն ու պատասխանատուներէն՝ Տերիք Ղուկասեանը։ Հանդիսավարն էր Տէյվիտ Մկրըպլեան։
Նաեւ, ընթացքին ցուցադրուեցաւ հաստատութեան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսերիզ մը։