ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի «Փօլ Էլուար» տուն-ֆրանսախօս երկիրներու կեդրոն հիմնարկի ծրագիրներու ծիրին մէջ, հայկական արմատներ ունեցող ֆրանսացի խոհարար Ալան Ալեքսանեան այցելեց Արցախ՝ ծանօթանալու արցախեան խոհանոցի գաղտնիքներուն, ինչպէս նաեւ իր հին ու աւանդական բաղադրատոմսերը ներկայացնելու տեղւոյն խոհարարներուն ու հրուշակագործներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Ալէն Ալեքսանեան, 3էն 10 Օգոստոս, Ստեփանակերտի «Վալ-լեքս Կարտըն» հիւրանոցային համալիրին մէջ կ՛իրականացնէ խոհարարական դասընթացքներու շարք, որուն կը մասնակցին Արցախի մէջ գործող արտադրական ընկերութիւններու աշխատակիցներ եւ անհատ ձեռներէցներ:
Զրոյցի մը ընթացքին Ալէն Ալեքսանեան յայտնեց, որ ինք Արցախ կը գտնուի 28 Յուլիսէն ի վեր: Ան այցելեց Արցախի տարբեր շրջաններ, մտաւ պատահական տուներ եւ համտեսեց անոնց պատրաստած արցախեան ուտելիքները:
«Նկատած եմ, որ արցախցիները շատ հիւրասէր մարդիկ են. բոլորն ալ սիրով հիւրընկալեցին զիս եւ մատչելի ձեւով բացատրեցին ուտելիքներու պատրաստման ձեւերը եւ եղանակները, նաեւ խօսեցան անոնց օգտակարութեան մասին: Արցախի օդը մաքուր է, բնութիւնը՝ կախարդական. այստեղ կ՛աճին զանազան բոյսեր, որոնք զուրկ են արհեստական լրացուցիչ սնուցումէ: Արցախի կլիմայական պայմանները կը նպաստեն այստեղ զանազան տեսակի բոյսերու բազմազանութեան գոյութեան», պատմեց Ա. Ալեքսանեան՝ աւելցնելով. «Ես այստեղ եմ, ո՛չ միայն ֆրանսական ուտելիքներ ներկայացնելու, այլ նաեւ ծանօթանալու եւ սորվելու Արցախի՝ դարերէ ի վեր եկող խոհանոցի հարուստ մշակոյթին: Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ Արցախի այցեքարտ «Ժենգեալով հաց» ուտելիքը աշխարհի մէջ տարածուի , օրինակ, իտալական «Փիցցա»ին նման»:
Խօսելով արցախեան եւ ֆրանսական խոհանոցներու նմանութիւններուն մասին՝ խոհարարը ըսաւ, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի ճաշերը եւ բոյսերը տարբեր են. անոնք Արցախի իւրայատուկ բնութեան բարիքներն են:
Անդրադառնալով Արցախին՝ Ա. Ալեքսանեան յայտնեց, որ այս երկիրը հեքիաթային է, բայց, դժբախտաբար, քիչերը կը ճանչնան զայն:
«Ես կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի ֆրանսացիներուն մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնեմ դէպի Արցախ, անոր հրաշք բնութիւնը, պատմամշակութային մեծ արժէքները, հերոսական պատմութիւնը, հիւրասէր եւ լաւատես մարդը ու աւանդական խոհանոցը: Համոզուած եմ, որ Արցախը զբօսաշրջիկները պիտի գրաւէ իր մաքուր բնամթերքով», եզրակացուց Ալան Ալեքսանեան: