ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Յանձնառու սլացքով» նշանաբանը որդեգրած տարեկան բանակումը սկիզբ առաւ Կիրակի, 5 Օգոստոսին: Բանակումին, որ կը կազմակերպուի ՀՅԴ ԼԵՄի 45ամեակին առիթով, կը մասնակցին շուրջ 105 ԼԵՄականներ:
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Այնճարի ԼԵՄի բանակավայրին մէջ՝ «Մշակ բանուոր» քայլերգով ու Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀՅԴի դրօշներուն բարձրացման արարողութեամբ:
Բանակումի ծրագիրը դաստիարակչական բնոյթ կը կրէ եւ կ՛ընդգրկէ զրոյց, դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, ինչպէս նաեւ մարզական այլազան օրակարգեր:
Բանակումին, ԼԵՄականերու կողքին, կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Իրանէն եւ Սուրիայէն դաշնակցական երիտասարդներ: