ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 30 Յուլիսին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որ առաջինն էր Թուրքիոյ մէջ հաստատուած քաղաքական նոր կարգավիճակին մէջ։
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ քննուած են երկրի ապահովութեան կապակցութեամբ ներքին եւ արտաքին շարք մը կարեւոր զարգացումներ, ինչպէս՝ Կիւլենի շարժումին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ երկրէն ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս կատարուած գործողութիւնները։
Շեշտուած է, թէ այս հանգրուանին Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ սուր պայքար կը մղէ եւ միջազգային համայնքէն կ՛ակնկալէ, որ նեցուկ կանգնի Անգարային, սակայն կը տեսնէ, որ կարգ մը երկիրներ այս հարցին մէջ երկու չափ եւ երկու կշիռ կը գործադրեն, ինչ որ անընդունելի է։
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտը դրուած է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն վրայ։ Նշուած է, որ Ամերիկա Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին կը գործածէ սպառնական ոճ մը, ինչ որ «անարգալից եւ անընդունելի է»։
«Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ իր պարտաւորութիւններուն գիտակից ձեւով կը շարժի, միաժամանակ իր իրաւունքներուն տէրն է։ Ուստի, կ՛ակնկալէ, որ յարգանք ցուցաբերուի Թուրքիոյ նկատմամբ», շեշտուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սուրիոյ տագնապին եւ ըսուած է, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կարգ մը շրջաններու մէջ տակաւին գործօն են, եւ այդ պատճառով «այդ երկրի տարածքներուն վրայ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար պէտք է ամուր քայլեր առնուին շուտով»։