ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան, ողջունելէ ետք Իտալիոյ նախագահին այցելութիւնը Հայաստան՝ յայտնեց, թէ վստահ է, որ այս այցելութիւնը կը նպաստէ հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման:
«Ուրախ եմ ձեզ ողջունել, ինչպէս հիմա ընդունուած է ասել՝ նոր Հայաստանում: Մենք այսօր իրականացնում ենք կարեւոր, պատմական ժողովրդավարական փոփոխութիւններ. յոյս ունեմ, որ ձեր այցի ընթացքում զգացել էք այդ փոփոխութիւնների ու լաւատեսութեան շունչը: Բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իտալիայի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրել երկկողմ կապերի յետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան:
Իր կարգին, Իտալիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:
«Ամուր բարեկամութիւնը կը միացնէ մեր ժողովուրդները, եւ մենք անհրաժեշտ կը նկատենք Իտալիա-Հայաստան համագործակցութեան հետագայ զարգացումը», ըսաւ նախագահը:
Քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս՝ համագործակցութեան զարգացումը տնտեսական, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ պաշտպանութեան մարզին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ խաղաղապահ միացեալ առաքելութեան շրջագիծին մէջ:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ ցուցաբերած հաւասարակշռուած դիրքորոշումին համար: Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացով:
Մաթարելա ըսաւ, որ Իտալիա կը շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով՝ հաւաստիացնելով, որ հակամարտութիւնը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, վարչապետն ու նախագահը շարունակեցին քննարկումները նախաճաշի սեղանին շուրջ: