ԵՐԵՒԱՆ.- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպեցաւ «Մորկընֆիլտ Էյ.Ճի.» (Morganfield AG) ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ ֆինանսական հարցերու տնօրէն Եուրի Երշովի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներդրումային քաղաքականութեան եւ գործարար միջավայրին վերաբերող հարցեր:
Հիւրերը ներկայացուցին իրենց հետաքրքրուածութիւնը, մասնաւորապէս, շինարարութեան, վառելանիւթի, բարձր արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու առընչութեամբ:
Նախարար Մինասեան անդրադարձաւ հանրապետութեան մէջ ընթացող բարեփոխումներուն, նշեց ներդրումային օրէնսդրութեան եւ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած աշխատանքները: Հիւրերուն ներկայացուեցան Հայաստանի տարածքին գործող ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու առաւելութիւնները, ներդրումային ծրագիրներու իրականացման ընթացքին տրուող հարկային եւ մաքսային արտօնութիւնները: