ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 26ի երեկոյեան, Երեւանի «Ալաշկերտ» խումբը, եւրոպական ակումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքի Բ. հանգուրանի երթի մրցումներուն, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնթենեկրոյի մէջ, այդ երկրի ախոյեան «Սութեսքա»ի դէմ: Վարուժան Սուքիասեանի գլխաւորած խումբին յաղթական կօլը 11րդ վայրկեանին նշանակեց սերպ պաշտպան Մլատեն Զելքովիչը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 2ին, Երեւանի «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ:
Նոյն օրը, Երեւանի «Փիւնիկ» խումբը հիւրընկալուեցաւ Ղազախստանի «Թոպոլ» խումբին կողմէ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտրէյ Թալալայեւի գլխաւորած «Փիւնիկ»ը։ Հանդիպման հաշիւը բացաւ ղազախ յարձակող Մաքսիմ Ֆետուն (49րդ վայրկեան), իսկ «Փիւնիկ»ը 80րդ վայրկեանին ստացաւ երկրորդ կօլը՝ դարպասապահի մէկ սխալին պատճառով: Երեւանեան ակումբը հաշիւը 90րդ վայրկեանին կրճատեց՝ շնորհիւ Ռուսլան Կորեանի կօլին, որ կրկնակի արժէք ունի, նշանակուած ըլլալով հակարակորդի դաշտին վրայ։ Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 31ին, Երեւանի մէջ: