ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ս. Փեթերզպուրկի մէջ մեկնարկած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Արդէն իսկ մեկնարկած է ԵԱՏՄ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներուն նեղ կազմով նիստը՝ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի նախագահութեամբ:
Սոյն նիստին պիտի յաջորդէ ընդլայնուած կազմով այլ նիստ մը: Կ՛ակնկալուի, որ ընթացքին քննարկուին Եւրասիական տարածաշրջանի ընդելուզման գործընթացներու զարգացման ու խորացման ուղղուած հարցեր:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստէն ետք պիտի այցելէ «Կամսկի» պուրակը, ուր ծաղիկներ պիտի դնէ Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ, ապա պիտի այցելէ նաեւ Էրմիթաժ: