ԹԵՀՐԱՆ, «Եուրոնիուզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած միջազգային համաձայնագիրէն դուրս գալու Ուաշինկթընի որոշումէն ետք, Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները յաւելեալ կարեւորութիւն ստացած են՝ նշելով, որ եւրոպացիները այժմ պէտք է գործնական քայլերու դիմեն այդ համաձայնութիւնը պահպանելու համար՝ քաղաքական յանձնառութենէ անդին անցնելով։
Հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարարը ըսաւ, թէ այդ գործնական քայլերը կարեւոր են մասնաւորաբար դրամատնային գործարքներու, ներդրումներու, ուժանիւթի, փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ փոքր ու միջին հաստատութիւններու աջակցութեան ծիրին մէջ:
Խօսելով Հելսինքիի մէջ Թրամփ-Փութին վեհաժողովին եւ Սուրիոյ հարցին շուրջ գոյացած որոշ մերձեցումին մասին՝ Զարիֆ յայտնեց. «Սուրիոյ ճակատագիրը պէտք է այդ երկրի բնակչութի՛ւնը ճշդէ»:
«Մենք պահպանեցինք Ռուսիոյ եւ սուրիական կառավարութեան հետ մեր համակարգումն ու լաւ յարաբերութիւնները, եւ պիտի շարունակենք այդ ընթացքը: Երեք կողմերուն ընդհանուր նպատակը ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարն է», նշեց ան։
Անդրադառնալով Թրամփի այն խօսքին, թէ Իրան պէտք չէ օգտուի «Իսմալական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ձախողութենէն՝ Զարիֆ ըսաւ. «Այդ կեցուածքը կը հաստատէ «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն նկատմամբ ամերիկեան աջակցութիւնը, եւ արեւմտեան աղբիւրները ունին փաստեր, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան այդ աջակցութիւնը: «Իսլամական պետութեան» եւ ծայրայեղական այլ խմբաւորումներու զինեալներուն կողմէ ամերիկեան զէնքերու օգտագործումը այդ յստակ փաստերէն մէկն է արդէն»: