ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը հաստատեց Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական պարէնային ոլորտի սարքերու ֆինանսական վարձակալութեան՝ «լիզինգ»ի՝ վարձակալութեան, պետական աջակցութեան ծրագիրը, որու հիմնական նպատակը գիւղատնտեսական պարէնային ոլորտի տնտեսվարողներուն մատչելի պայմաններով, մասնաւորապէս՝ ֆինանսական վարձակալութեան դրուեան կիրառումով սարքերու մատակարարումն է:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ այս ծրագիրով կը նախատեսուի գիւղատնտեսական պարէնային ոլորտին մէջ գործող տնտեսավարողներուն սարքերու ձեռքբերման համար «լիզինգ»ով տրամադրել մինչեւ 230 միլիոն դրամ, 8 տարի ներառեալ մարման ժամկէտով, տարեկան մինչեւ 11 տոկոս տոկոսադրոյքով, որուն մինչեւ 7 տոկոսային կէտը կառավարութիւնը պիտի տրամադրէ, որպէսզի «լիզինգ»առուին կողմէ վճարուող վարձակալութեան տարեկան տոկոսադրոյքը կազմէ 4 տոկոս:
«Լիզինգառուն վճարում է լիզինգի առարկայի ձեռքբերման գնի 20 տոկոսի չափով կանխավճար: Լիզինգի հիմնական գումարի մարման համար սահմանուած արտօնեալ ժամկէտը լիզինգը տրամադրելու պահից հաշուարկւում է առաւելագոյնը 3 ամիս, իսկ լիզինգի չսուբսիդաւորուող տոկոսների վճարման պարտականութիւնը լիզինգառուի մօտ առաջանում է լիզինգի տրամադրման պահից սկսած», յայտնեց Խաչատրեան: