ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոնաքոյի մէջ 2 եւ 3 Սեպտեմբերը յայտարարուած են Հայաստանի օրեր՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 115ամեակին: Հայ մշակոյթին նուիրուած այդ օրերուն նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ: Նախատեսուած է նաեւ համերգ մը՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանի եւ աշխարհահռչակ դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանի մասնակցութեամբ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Մոնթէ Քարլօ» օփերայի թատրոնին մէջ:
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի օրեր Մոնաքոյի մէջ՝ Armenian Collection 2018 Monte-Carlo խորագիրով ձեռնարկի նախաձեռնող եւ կազմակերպիչ Վրոյր Փենեսեան յայտնեց, որ վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ: «Ճիշդ այդ համերգասրահին մէջ էր, որ 1974ին Արամ Խաչատուրեան հանդէս եկաւ: Նախատեսուած համերգէն առաջ «Մոնթէ Քարլօ» օփերայի թատրոնի նախասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի Արամ Խաչատուրեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս: Համերգը պիտի ունենայ բարեգործական բնոյթ, որ կը միտի աջակցիլ Հայաստանի մէջ գործող «Օգնեմ» եւ «Ֆոնտ 100» հիմնադրամներուն», ըսաւ Վրոյր Փենեսեան: Երկրորդ օրը կը նախատեսուի Մոնաքոյի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ կազմակերպել հայկական ընտիր արտադրանքի ցուցադրութիւն, ուր պիտի ներկայացուին հայկական քոնեաքն ու գինին:
Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան յայտնեց, որ այս կարեւոր առիթ է յոբելենական տարուան ընթացքին մեծ երաժիշտը ներկայացնել Մոնաքոյի մէջ, շատ հետաքրքրական ցուցադրութեամբ մը:
«Ըսեմ, որ արդէն Ապրիլին նման ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Մալթայի մայրաքաղաք Վալեթայի մէջ, որ այս տարի Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաքն է: Այդ ցուցադրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ առաջարկ եղաւ այդպիսի ցուցադրութեամբ ներկայանալու Մոնաքոյի մէջ. երկիր մը, ուր հանդէս եկած է Արամ Խաչատուրեան», ըսաւ Արմինէ Գրիգորեան՝ ներկայացնելով հետաքրքրական պատմութիւն Արամ Խաչատուրեանի Մոնաքօ կատարած այցելութեան մասին: Երբ ան հիւրընկալուած էր Ֆրանսայի մէջ, աշխարհահռչակ թաւջութակահար Մստիսլաւ Ռոստրոփովիչի հետ, որոշած են այցելել Մոնաքօ: Այդ ժամանակ Մոնաքոյի արքայազունը իր կնոջ հետ երկրէն դուրս կը գտնուէր, իսկ երբ իմացեր է, թէ ինչպիսի՛ հիւրեր եկեր են, իրենց այցը ընդմիջած եւ վերադարձած են Մոնաքօ, որպէսզի ընդունին հիւրերը: Արքայազունը Արամ Խաչատուրեանին առաջարկեր է 1974 թուականին տեղի ունենալիք փառատօնին ելոյթ ունենալ եւ ստեղծագործութիւն մը յօրինել յատուկ այդ փառատօնի բացման արարողութեան համար: Այժմ այդ նոյն բեմին վրայ հանդէս պիտի գան Յասմիկ Պապեան եւ Նարէ Արղամանեան», պատմեց Արմինէ Գրիգորեան:
«Շատ ուրախ եմ, որառիթը ունիմ վերադառնալու «Մոնթէ քարլօ» օփերայի թատրոն՝ հանդէս գալու այսպիսի բացառիկ համերգով: Պէտք է ըսեմ, որ այս օփերայի թատրոնը ընդհանրապէս Եւրոպայի համերգասրահներուն եւ թատրոններուն մարգարիտներէն մէկն է: Համերգին պիտի հնչեն բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին՝ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները», ըսաւ Յասմիկ Պապեան:
Նշենք, թէ Պապեան «Մոնթէ Քարլօ» օփերայի թատրոնին մէջ երգած է նաեւ 2009ին: