ԵՐԵՒԱՆ.- Գիւմրիի մէջ Երեք-շաբթի, 17 Յուլիսին մահացաւ հայ մեծ բարերար, Գիւմրիի պատուաւոր քաղաքացի, Նիւեորքաբնակ բժիշկ Յովհաննէս Օյունճեան:
Նշենք, որ 13 Յուլիսին Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ Օյունճեանի 98րդ տարեդարձը: Նոյն օրը, Գիւմրիի Օյունճեան վարժարանին հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ «Յովհաննէս Օյունճեան» համերգային դահլիճի հիմնարկէքի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ բարերարը:
Շիրակի մարզպետ Կարէն Սարուխանեան իր ցաւակցական ուղերձի մէջ կը նշէ. «Բարերարը գիւմրեցիներին սատարեց ծանր պահի՝ օգնելով յաղթահարել դժուարութիւններ, վերականգնել ու կառուցել կրթական ու մշակութային օջախներ, ջանք ու եռանդ չխնայեց Գիւմրու վերականգնման ու շէնացման գործում: Մեր երկիրը կորցրեց իր արժանաւոր մտաւորականին, նուիրեալ հայրենասէր մարդուն ու քաղաքացուն»:
Արմենակ եւ Եղիսաբէթ Օյունճեաններու զաւակ Յովհաննէս Օյունճեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Չենգիլար գիւղը: Երեք տարեկանին կորսնցուցած է հայրը, վեց ամիս ետք՝ քոյրը, չորս տարեկանին՝ մայրը: Եօթ տարեկանին Օյունճեան գիշերօթիկի սան էր: Տասնմէկ տարեկանին յաճախած է այն վարժարանը, ուր յաճախած էր Դանիէլ Վարուժան: Վարժարանը աւարտելէ ետք խելացի եւ ուշիմ աշակերտը ուսումը շարունակած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ եւ որոշած է դառնալ բժիշկ: Ան իր ուսումը աւարտած է Նիւ Եորքի մէջ, ուր բացած էր իր սեփական գրասենեակը:
Օյունճեան 1988ի երկրաշարժէն ետք հիմնած է «Օյունճեան» բարեգործական հիմնադրամը, որ անցեալ 20 տարիներու ընթացքին Գիւմրիի մէջ կատարած է 7 միլիոն տոլարի ներդրում: 2000ին, հիմնանորոգութենէ ետք բացուած է «Օյունճեան» թիւ 21 դպրոցը, 2014ին՝ «Վարդուհի» արուեստի դպրոցը, 2017ին այդ դպրոցին կից շահագործուած է «Աղաւնի» արհեստներու դպրոցը: