«ԱՍՊԱՐԷԶ»
*Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ամէնէն կարեւոր երաշխիքներէն մէկը արդար ընտրութիւն եւ ամէնէն լայն ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնքի որդեգրումն է: Այս օրակարգով թէժ քննարկումներ զուգահեռաբար կ՛ընթանան Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան յանձնաժողովներուն մէջ: Նախնական մտահոգութիւնը՝ որ կառավարութիւնը եւ Ազգային ժողովի յանձնաժողովը առանձին եւ հակադրուած առաջարկներով պիտի ներկայանան Ազգային ժողով, կարծես փարատած է: Փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնը, որ Ընտրական Օրէնքը պէտք է ընդունուի համախոհութեամբ ողջունելի զարգացում մըն է այս ուղղութեամբ, որ կրնայ քննարկումներուն աւելի կառուցողական շեշտ տալ, անշուշտ եթէ յաղթահարուին անզիջողութեան որոշ տրամադրութիւններ:
*Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պրիւքսէլ այցելութիւնը եւ անոր մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին՝ Հայաստանի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան վկայութիւնը հանդիսանալու կողքին, միջազգային քաղաքական բեմ մտած մեր երկրի նոր ղեկավարին հրաշալի առիթ ընծայեց ներկայանալու աշխարհին: Այս առաքելութիւնը պատուով կատարած վարչապետի գործունէութիւնը անտես չէ մնացած միջազգային մամուլին կողմէ եւ կրնանք հպարտութեամբ արձանագրել, որ «Թայմ» ազդեցիկ պարբերաթերթը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դասած է աշխարհի մէջ յանուն ժողովրդավարութեան պայքարած առաջին չորս յառաջամարտիկներու շարքին: Պելճիքայի հայ համայնքի՝ Փաշինեանի ջերմ ընդունելութիւնն ալ, նախաճաշակ մը կու տայ այն զանգուածային դիմաւորւթիւններուն, որոնց պիտի արժանանայ վարչապետը՝ Սփիւռքի համայնքներ այցելութեան ընթացքին: Հապա տեսէք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ ինչ պիտի կատարուի:
*Արցախի կայունութեան եւ անվտանգութեան հանդէպ իր վճռական նախանձախնդրութիւնը կրկին դրսեւորեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ իր տեղական եւ համակուսակցական կառոյցներու դիրքորոշումներով: