ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ
Ստորեւ կու տանք Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երեք յարանուանութեանց ու կուսակցութեանց կազմակերպութեամբ Կիրակի, 24 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի համագաղութային տօնախմբութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Հարունի արտասանած խօսքը.
«Մեծ ուրախութեամբ հաւաքուած ենք միասնաբար տօնախմբելու Հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջէրէն մէկը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Իսկապէ՛ս որ կոթողական նուաճում էր՝ դարերու ստրկութենէ ետք կարենալ ծածանել անկախութեան Եռագոյնը, մանաւանդ երբ հաշուի առնենք 1918ին անմիջապէս նախորդող տարիներու ահաւոր կորուստը:
Մեծ Եղեռնի կործանարարութեան դէմ յանդիման եւ ոչնչացման եզր հասած մեր ազգը, գոյատեւելու անկորնչելի կամք ցուցաբերելով՝ երաշխաւորեց մեր ժողովուրդի ապագան եւ նոր շունչ ու իմաստ տուաւ մեր ազգային ինքնագիտակցութեան: Թէեւ ջարդը մահացու հարուած էր, մենք երբե՛ք մեր յոյսը կտրած չէինք մեր քաղաքական անկախութենէն: Եթէ չունենայինք քաղաքական անկախութեան հեռապատկեր մը՝ պիտի չկարենայինք նման բան ընել, եւ այդ՝ շնորհիւ այն խորին հաւատքին, զոր մենք ունինք հանդէպ մեր ազգին՝ յայտնաբերուած երկար դարերու ընթացքին եւ այնքա՛ն անհաւասար պայքարներու միջոցով: Պա՛րզ է, պատմական առաքելութեան մը ստրուկ հաւատաւորն ենք մենք՝ հայերս:
Այս պատճառներով, բնական է, որ մենք ցանկանանք հնարաւոր հարազատութեամբ մեր ապագայ սերունդներուն յանձնել մեր ամենամեծ պայքարներէն մէկուն պատմութիւնը: Այդ անհրաժե՛շտ է, քանի որ դեռ ազգովին ձգտումներ ունինք. անհրաժե՛շտ՝ քանի որ ան իր որոշ տեղը պիտի ունենայ մեր նկարագիրը կերտելուն մէջ:
Այդ նկարագիրին գերիշխող յատկութիւններէն մին պէտք է ըլլայ միասնականութի՛ւնը: Ո՛չ մէկ անձ, խմբաւորում կամ կուսակցութիւն պիտի կարենար առանձինն իրագործել այն, ինչ տեղի ունեցաւ 1918ի Մայիսին: Այդ ոգիով է, որ այսօր հաւաքուած ենք բոլորս: Միասնականութիւնը, յաճախ կրկնուած յանկերգի բանաձեւումէն դուրս գալու համար, համագործակցութի՛ւն կը պահանջէ, եւ այսօր բոլորս անոր վկաներն ենք՝ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս մեր գաղութի հոգեւորական եւ քաղաքական կառոյցները միացան, մեծարելու համար ազգակերտման ճանապարհին վրայ հսկայական աշխատանք տարած սերունդ մը: Միա՛յն այսպէս պիտի կարենանք դիմագրաւել մեր համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները, արդարացնել մեզի հետ կապուած յոյսերը եւ գլուխ հանել մեզի վստահուած պարտականութիւնները:
Այս տեսակի համագործակցութենէ կը շահինք բոլորս եւ միեւնոյն ժամանակ կը վերահաստատենք ազգին ծառայելու մեր կոչումը: Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր բոլորին ծառայութեան կարիքը ունի հայրենիքը: Ո՛չ որովհետեւ իշխանութիւնը փոխուեցաւ, այլ որովհետեւ լո՛ւրջ պարտականութիւն ունինք ժողովուրդին պահանջները տեղ հասցնելու, անոր ձեռք բերած յաջողութիւնները ամրագրելու եւ երկրի քաղաքական կեանքէն զայն անբաժան պահելու:
Քաղաքականօրէն անկախ պայմաններու տակ զարգանալու իրաւո՛ւնք ունի եւ արդարութեան վրայ խարսխուած ընկերային ու տնտեսական կեանք ձեւաւորելու պարտականութի՛ւն ունի Հայաստանը: Այդ իրաւունքը շահած է հարիւր տարի առաջ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի դաշտերուն վրայ, իսկ պարտականութիւնը ստանձնած է ա՛յն վայրկեանին, երբ հայ քաղաքական միտքը ծնունդ տուաւ անկախ Հայաստանի գաղափարին:
Բոլորս այդ իրաւունքին անսակարկ պաշտպաններն ենք եւ այդ պարտականութեան պարտաճանաչ գործադրողները: Թերեւս այս ճամբուն վրայ մերթ ընդ մերթ մօտեցումներու փոքր տարբերութիւններով տարուինք, սակայն խորքին մէջ գիտենք, լա՛ւ գիտենք, որ այս ճամբան միայն միասի՛ն կարելի է քալել:
Գիտե՛նք՝ երբ կը տեսնենք համատեղ գործակցութեան արդիւնքը:
Գիտե՛նք՝ երբ կը լսենք Սարդարապատի ղօղանջիւնը»։