«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Աւանդութիւն դարձած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքերը անուանակոչել տարուան խորհուրդը մարմնաւորող դէմքերու անունով: Այս սովորութիւնը ցուցական քայլ մը չէ: Անիկա Ճեմարանի դաստիարակչական առաքելութեան մաս կը կազմէ:
Բնականաբար, սերունդի մը միայն անուն տալով կարելի չէ՛ անոր ազգային նկարագիրը կերտել կամ ոգեւորել զայն: Դաստիարակութիւնը համապարփակ աշխատանք է, որ կը սկսի պատանեկան տարիքէն ու կը շարունակուի մինչեւ անհատի հասունացումը: Այդ տարիներուն ընթացքին անհրաժեշտ է ամէն միջոց օգտագործել՝ մեր սերունդներուն հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհը հարստացնելու, միեւնոյն ժամանակ անոնց բարոյական նկարագիրի կազմաւորման նպաստելու:
Դաստիարակութիւնը քարոզ կարդալու հետ պէտք չէ շփոթել: Դաստիարակել կը նշանակէ՝ անհատին մտածելու, հարցերը քննելու, երեւոյթները վերլուծելու եւ դատելու կարողութիւնը զարգացնել, եւ ինչպէս իր անձին, այնպէս ալ հաւաքականութեան յառաջընթացին համար պայքարելու յանդգնութիւնը յայտնաբերել: Առողջ դաստիարակութեան մեծապէս կը նպաստեն առողջ հաւաքականութիւնը, առողջ միջավայրը: Ուրեմն, դաստիարակութեան նուիրական գործին ծառայողները նախ պէտք է ստեղծեն այնպիսի միջավայր, ուր տիրող ըլլան արդարութիւնը, ազատ խօսքը, զիրար լսելու եւ հասկնալու մշակոյթը:
Դաստիարակչական գործընթացին մաս կը կազմէ նաեւ ի՛նք՝ դաստիարակը, ի՛ր իսկ օրինակով, խօսքը եւ գործը համապատասխան դարձնելով, բարոյական արժէքները մարմնաւորելով:
Դաստիարակչական աշխատանքին մէջ ուղեցոյցի դեր կը կատարեն նաեւ պատմութիւնն ու պատմական այն դէմքերը, որոնք պայքարեցան յանուն հաւաքականութեան, այլ ոչ թէ իրենց նեղ շահերուն համար: Անո՛նք, որոնք պատմութիւն կերտեցին, այլ ոչ թէ ժողովուրդը անտեսելով իրենց սեփական փառքը փնտռեցին: Անո՛նք, որոնք իրենց գերագոյնը զոհեցին եւ արդար ու ազատ հայրենիք կերտելու ուղին ցոյց տուին:
Ներկայ ժամանակներուն նիւթապաշտ, ազգային արժէքներ նսեմացնող պատեհապաշտ տիպարներ կը յայտնուին հայ քաղաքական բեմին վրայ: Տիպարներ, որոնք հիասթափութեան ալիք կը բարձրացնեն յատկապէս նորահաս սերունդներուն մօտ: Բարեբախտաբար, գոյութիւն ունին նաեւ իսկական հերոսները, արդարները, նոր Հայաստանին ու ազնիւ հայուն հաւատացողները:
Հաւանաբար, ամէն ժամանակներու ալ յայտնուած են ու պիտի յայտնուին բացասական տիպարներ: Անոնք, սակայն, պիտի կորչին պատմութեան տիղմին մէջ, իսկ նորահաս սերունդներուն, ազնիւ գործիչներուն ճամբան պիտի շարունակեն լուսաւորել բարոյական արժէքներ մարմնաւորող ու պատմակերտ մեր հերոսները՝ Արամ Մանուկեանները, որոնք յորդորեցին պայքարիլ նոյնիսկ անօգնական մնալու պարագային, որովհետեւ տեսլական ունեցան ու յանուն այդ տեսլականին՝ ազատ ու անկախ Հայաստանին ճամբայ բացին:
Սերունդներ անուանակոչելը փաստօրէն ինքնաճանաչման նպաստող դաստիարակչական ողջունելի քայլ է: Քայլ մը, որ պէտք է մղէ զանոնք կարդալու պատմութիւնը, ճանչնալու Արամներն ու ըմբռնելու անոնց դաւանած արժէքները՝ գտնելու մեր ազգին լուսաւոր ուղին: Ի զուր չէ ըսած բանաստեղծը. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք՝ Սարդարապատից»: