Շաբաթ, 2 Յունիսին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը Պըրպենքի երիտասարդաց կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարալ Թուլումեան, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ Մակի Եահյաեան, ծնողներ, հարազատներ եւ մասնաճիւղի ընկերուհիներ:
Բացման խօսքը կատարեց շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբէն Սալբի Թէքկէլեան, իսկ վարչութեան խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Այտա Սարգիսեան։
Գեղարուեստական հաճելի բաժինով հանդէս եկան վարժարանի հպարտ աշակերտները՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարինէ Վարուժանեանի, որմէ ետք ուսուցչուհիներէն Փարքուհի Խաչիկեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Շնորհակալութիւն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք հաւատալով մեր վարժարաններու առաքելութեան, իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանները: Վարձքը կատար բոլոր ՀՕՄուհիներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնց նուիրեալ աշխատանքով եւ ջանքերով կարելի կը դառնան հայ մատղաշ սերունդներու հայապահպանման աշխատանքները:
(Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն)