«Ուիքիմետիա Հայաստան»ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ջանքերով սկիզբ առած «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի նախագիծին շրջանակէն ներս կիսաժամ աշխատակից մը կը փնտռուի:
Ընդունուած թեկնածուն գործի պիտի սկսի ընդունման թուականէն սկսեալ, 6 ամսուան վրայ երկարող ժամանակաշրջանի մը համար: Պայմանագիրը կարելի պիտի ըլլայ երկարաձգել 6 ամիս եւս:
Նախատեսուած պարտականութիւններն են՝
– Ծրագիրներ եւ միջոցառումներ մշակել՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի զարգացման եւ բովանդակութեան ընդլայնման համար.
– Խմբագրման ենթակայ յօդուածներու ցանկեր կազմել.
– Տարբեր համայնքներու, տարբեր հաստատութիւններու եւ միութիւններու հետ համագոծակցիլ՝ շարժումը տարածելու եւ նոր խմբագիրներ ներգրաւելու նպատակաւ:
Թեկնածուներու մասնագիտական հմտութիւններու եւ յատկութիւններու ստուգման չափանիշներն են՝
– Բարձրագոյն կրթութիւն.
– Արեւմտահայերէնի եւ անգլերէնի գերազանց իմացութիւն.
– Համակարգչային գերազանց գիտելիքներ, Google G-Suite-ով աշխատելու (Google Docs, Spreadsheets եւ այլն).
– Ծրագիրներ համակարգելու հմտութիւն.
– Հաղորդակցութեան եւ խմբային աշխատանքներու հմտութիւններ:
Հետաքրքրուողներէն եւ պահանջուող չափանիշերը լրացնող անձերէն կը խնդրուի իրենց կենսագրական տուեալները (CV) եւ այս աշխատանքին հետ կապուած գործնական առաջարկները (մօտաւորապէս մէկ էջ), ուղարկել info@wikimedia.am ելեկտրոնային հասցէով, ինչպէս նաեւ կը խնդրուի ելեկտրոնային նամակին վերնագիրը լրացնել՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի Ծրագիրի Աշխատակից» խորագիրով:
Դիմումներու ներկայացման վերջնական պայմանաժամը 22 Յունիս 2018ն է: