ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարանէն ազատ արձակուեցաւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանը:
Վճռաբեկ դատարանը Սամուէլը կալանքէ ազատելու որոշում կայացուց Ուրբաթ, 15 Յունիսին:
Դատարանը քննած էր Սամուէլ Բաբայեանի պաշտպան Աւետիս Քալաշեանի վճռաբեկ բողոքը եւ որոշած բեկանել Վերաքննիչ դատարանի որոշումը Սամուէլ Բաբայեանի եւ միւսներու գործով ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վճիռը անփոփոխ պահելու մասին` գործը ուղարկելով նոր քննութեան:
Վճռաբեկը որոշեց նաեւ փոխել Բաբայեանի կալանքը եւ ազատել զայն՝ հաշուի առնելով Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու երաշխաւորութիւնը: Նոյն մեղադրանքով դատուած Սանասար Գաբրիէլեանը եւս ազատուած է կալանքէն: Սամուէլ Բաբայեանը եւ նոյն գործով 3 տարիով բանտարկութեան դատապարտուած Սանասար Գաբրիէլեանի վերաբերեալ անձնական երաշխաւորութեամբ հանդէս եկած էին Ծառուկեան խմբակցութեան 12 պատգամաւոր:
Լուսանկարը՝ Գէորգ Պերկուպերկեանի