ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մշակութային բաժանմունքին, Շաբաթ, Յունիս 16ին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, մասնաճիւղի «Բաղդասարեան» սրահին մէջ (3347 N. San Fernando Rd., Los Angeles, CA 90065) տեղի պիտի ունենայ հայ ժողովրդային երգերու նուիրուած համերգ մը։
«Հայ երգի կանչը» խորագրուած սոյն համերգին գեղարուեստական ղեկավարն է Վլադ Գրիգորեան, իսկ երաժշտական ղեկավարը՝ Անդրանիկ Մուրադեան։
Համերգին պիտի մասնակցին նաեւ Արմէն Յովհաննիսեան, Սալբի Մայիլեան, Արմէն Ստեփանեան, Լիլիթ Խոջայեան, Գէորգ Ռոստոմեան, ինչպէս նաեւ՝ «Արարատ» մասնաճիւղի մեներգիչներ Վարուժ Շահբազեան, Ժոզէֆ Եարինջեան եւ Հենրիկ Աղամալ։
Տոմսերու սակը 45 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-6111 եւ (323) 256-2564 թիւերուն, կամ՝ araratcultural@gmail.com հասցէին։