Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. ԳարագաշեանՄ սրահին մէջ աւանդական դարձած «Իֆթար»ի սեղանը պատրաստեց Ուրբաթ, 8 Յունիսի երեկոյեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Արմէն Մազլումեան:
Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեան, ողջունելով ներկաները՝ յայտնեց, թէ հաւաքը կ՛ամփոփէ Եգիպտոսի մեծութիւնը իր այլազանութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ հայերը չեն մոռնար, որ երբ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Եգիպտոս՝ պետութիւն եւ ժողովուրդ, իր գիրկը բացաւ ու զիրենք ընդունեց, որուն համար իրենք երախտապարտ կը մնան: Բժիշկ Մազլումեան պատմեց, թէ գաղթական հայերը՝ ինչպէ՛ս բոլոր բնագաւառներուն մէջ ներդրում ունեցան, կարծես գտնուէին իրենց հայրենիքին մէջ: Ան յարգանքի ու գնահատանքի տուրք մատուցեց երկրի ոստիկանութեան, զինուած ուժերուն եւ նահատակներու յիշատակին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանականներուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն, եւ վերջապէս, բարձր գնահատեց երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ պետութիւնը կ՛առաջնորդէ զարգացման եւ կայունութեան ճամբով:
Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ կը վայելեն եգիպտացիներու բարեկամութիւնն ու եղբայրակցութիւնը, կը բաժնեն տեղացիներու նուաճումներն ու ձգտումները եւ միասնաբար կը դիմագրաւեն նոյն մարտահրաւէրները ու իրենք զիրենք տեղացիներէն չեն զատորոշեր՝ շրջապատուած ըլլալով Եգիպտոսի ժողովուրդի եւ կառավարութեան գուրգուրանքով: Ան ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Եգիպտոս պաշտօնավարութեան երկար տարիներուն ներկայ կը գտնուի ռամատանեան Իֆթարի եւ հաստատեց, որ Ռամատանը այս երկրին մէջ հանդուրժողականութեան, եղբայրութեան, միասնութեան եւ մերձեցման ամիսն է, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի մէջ անիկա միայն իսլամներուն տօնը չէ, այլ բոլոր եգիպտացիներուն:
Իֆթարի սեղանին, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեանի, եգիպտահայոց Ազգային իշխանութեան եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողքին, կը մասնակցէին եգիպտացի եւ օտար բարձրաստիճան հիւրեր, որոնց շարքին՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոհամմետ Օրապի, խորհրդարանականներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, «Նասեր» ռազմական ակադեմիոյ դասախօսներ, դեսպաններ, արտաքին գործոց նախարութեան եգիպտական խորհուրդի անդամներ, Ղազախստանի դեսպանութեան խորհրդականը, եգիպտական պետական «Էլ Նիլ» միջազգային պատկերասփիւռի կայանի նախագահ Թաղրիտ Հիւսէյն, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի նախկին նախագահ դոկտ. Մոհամմետ Ապտելլա, պատկերասփիւռի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, պատմաբաններ ու միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր: