ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին որոշեց ազատ արձակել Ժիրայր Սէֆիլեանի գործով անցնող բոլոր մեղադրեալները` Ժիրայր Սէֆիլեանը ու Գէորգ Սաֆարեանը, Ներսէս Պողոսեանը, Սասունիկ Կիրակոսեանը, Գալուստ Գրիգորեանը եւ Հրայր Թոփչեանը:
Դատարանը որոշեց Ժիրայր Սէֆիլեանը մեղաւոր ճանչնալ իրեն առաջադրուած յօդուածներով եւ պատիժ նշանակել 5 տարի 5 ամիս ժամկէտով, նաեւ բաւարարել Ժիրայր Սէֆիլեանի պաշտպան Տիգրան Եգորեանի միջնորդութիւնը խափանման միջոցը փոխարինելու վերաբերեալ: Սէֆիլեանը ազատ արձակուեցաւ դատարանի դահլիճէն` ստորագրութեամբ չհեռանալու մասին` հաշուի առնելով նաեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն երաշխաւորութիւնը: