ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի օր ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը:
Հանդիպումին ընթացիքն քննարկուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնի գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Վարչապետը շեշտեց ԹՈՒՄՕի գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորած խումբի տարբեր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան որակի բարձրացման ու երիտասարդ սերունդի զարգացման:
Սիմոնեան ողջունեց վարչապետին ներկայացուցած գաղափարը եւ տեղեկացուց, որ կը նախատեսեն ԹՈՒՄՕ կեդրոններ հիմնել Փարիզի, Մոսկուայի, Թիրանայի, Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու տարբեր զօրամասերուն մէջ:
Այնուհետեւ Սեմ Սիմոնեան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան միջհամալսարանական կեդրոնի ստեղծման ծրագիրին, բարձրագոյն կրթութեան համակարգը բարեփոխումներու ենթարկելու իրականացման վերաբերող այլ հարցերու եւ նախաձեռնութիւններու:
Նոյն օրը, Սեմ Սիմոնեան իր կնոջ՝ Սիլվայի ընկերակցութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ ոգեւորուած է կեդրոնի գործունէութեամբ, եւ ԹՈՒՄՕն այն փայլուն օրինակն է, որ անմիջականօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարժի: