ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը 2018ի Յունուարէն Մայիս կազմած է 955,476 մարդ, որ 9.2 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ընթացիկ տարուան Մայիսին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 217,615 մարդ՝ 2017ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 5.4 տոկոսով:
Մայիս 2018ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 202,290 մարդ՝ 2.1 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան Մայիս ամսուան ցուցանիշը:
2018ի Յունուարէն Մայիս, 2017ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատած՝ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 5.7 տոկոսի աճ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, 2018ի Յունուարէն Մայիս ամիսներուն, բեռնափոխադրումը կազմած է 6540 թոն ապրանք: Նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը կազմած է 9341 թոն ապրանք:
Մայիս 2018ին, Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 15,325 մարդ: 2017ի նոյն ամսուն ուղեւորահոսքը կազմած է 8240 մարդ:
«Շիրակ» օդակայանին մէջ 2018ի Յունուարէն Մայիս ամիսներուն ուղեւորահոսքը կազմած է 59,350 մարդ, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին՝ 27,429 մարդ:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018ի Յունուարէն Մայիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած՝ 11.5 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները: