Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Վարագ Սիսեռեան, ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ալեքսանդր Խաչատուրեան, ԿԶՆ նորագործութեան տարրալուծարանի տնօրէն Էրիկ Գիւլազեան առցանց զրոյց մը ունեցան աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, փրոֆեսէօր Տարօն Աճէմօղլուի հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի զարգացման հեռանկարները, Աճէմօղլուի հետ համագործակցութեան հնարաւոր ձեւաչափերը: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետը ներկայացուց կառավարութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու առաջնահերթութիւնները: Աճէմօղլու, իր հերթին, ընդգծեց, որ ճիշդ ժամանակն է նախաձեռնելու եւ սկսելու իրականացնել կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ տարրական բարեփոխումներ՝ քաղաքական ուղղուածութեամբ, արդարադատութեան, ելեւմտական համակարգերու եւ ներդրումային միջավայրի բարելաւման ոլորտներուն մէջ, որոնք պէտք է ըլլան յստակ գործողութիւններ՝ որոշակի ժամանակահատուածի ընթացքին արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով:
Տնտեսագէտը կարեւոր համարեց հաստատումը իշխանութեան տարբեր ճիւղերու մէջ էական հակակշիռներու ճկուն մեքենակառոյցներու, որոնք պիտի երաշխաւորեն նախապէս եղած արատաւոր երեւոյթներուն բացառումը, կառավարութեան գործելաոճի թափանցիկութեան բարձրացումը, որ թոյլ պիտի տայ հանրութեան՝ իշխանութեան գործողութիւնները պահելու մշտադիտարկման տակ: «Ներկայ կառավարութեան գործունէութեան իբրեւ արդիւնք՝ քաղաքացիները կը զգան իրենց ներգրաւուածութիւնը քաղաքականութեան մէջ: Շատ մարդիկ, Հայաստանի մէջ, այս պահուն, իսկապէս ոգեւորուած են, իսկապէս կ՛ուզեն ըլլալ քաղաքականութեան մաս», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու:
Տնտեսագէտը պատրաստակամութիւն յայտնեց որեւէ ձեւաչափով աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան զարգացման, ժողովրդավարացման եւ բարեփոխումներու իրականացման գործին:
Զրուցակիցները համաձայնեցան յառաջիկային եւս շարունակելու քննարկումները վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ:
I highly command the new adminustration՚s steps and the implementation of those steps towards a new, democratic governance in Armenia. Mr Agemoglu has a lot of advice and recommendations to render to the new government and he is the author of Why Nations Fail that must be read by each and every Armenian. Agemoglu should be a visiting professor and lecturer in Armenia