ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Աշակերտներու ազգային ոգին զարգացնելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու նպաստող ծրագիրներու կողքին, ամէն տարի Մայիս ամսուան վերջաւորութեան, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին հետ միասին կ՛այցելեն Հայաստան եւ Արցախ:
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ տեւող այս ճամբորդութիւնը հարուստ փորձառութիւն մըն է աշակերտներուն համար։ Այցելելով պատմական արժէքներ ներկայացնող վայրեր ու դպրոցներ՝ անոնք առիթ կ՛ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու հայրենիքին եւ հայրենի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Հայրենիք մեկնելու ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ Արցախ այցելութիւնը։ Աշակերտները հոն կ՛այցելեն տարբեր դպրոցներ՝ նպատակ ունենալով իրենց տարեկից աշակերտներու հետ ծանօթանալ, միասին ժամանակ անցընել, նուէրներ փոխանցել եւ Ամերիկայէն Արցախ մտերմութիւն ստեղծել:
Այս տարի, աշակերտները որոշած էին դրամական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ կաթնտու կով մը նուիրել Արցախեան պատերազմին պատճառով հաշմանդամ դարձած քանի մը հայ զինուորներու ընտանիքներուն:
Դպրոցական տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ ճամբորդութեան օրը, անոնք կազմակերպեցին տարբեր դրամահաւաքներ, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններ ստացան դուրսէն:
Մեկնելով Արցախ՝ աշակերտները իրականացուցին իրենց երազը, եւ հանդիպելով զանազան ընտանիքներու՝ առիթ ունեցան ծանօթանալու անոնց կեանքի դժուարութիւններուն եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու անոնց: Արդ, աշակերտները հոգեկան մեծ բաւարարութիւն զգացին, որովհետեւ կրցած էին ժպիտ մը տեսնել այդ ընտանիքներու դէմքին:
Այսպիսի ծանօթացումներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ առիթ են աշակերտին գիտակցութեան մէջ վառ պահելու ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու ոգին: