ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Արհեստավարժ թենիսի 4 կարեւորագոյն մրցաշարքերէն մէկը հանդիսացող Ֆրանսայի «Ռոլան Կարոս»ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով Յունիս 3ին, սուր պայքարէ մը ետք՝ պարտութիւն կրեց մրցաշարքին մէջ 2րդ դասուած մարզիկին դիմաց։
Արդարեւ, աշխարհի մէջ 38րդ, իսկ Ռուսիոյ մէջ 2րդ դասուած Խաչանով, Գ. հանգրուանին ունեցած իր մրցումին մէջ յատկանշական յաղթանակ արձանագրեց, երբ 6-3, 7-5, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցաշարքին մէջ 15րդ դասուած ֆրանսացի Լուքա Փուին:
Սակայն, Դ. հանգրուանին, Խաչանով ճակատեցաւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, որ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ դասուած է երրորդ, եւ 6-4, 6-7 (4-7), 6-2, 3-6, 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Անոնց միջեւ պայքարը տեւեց 3 ժամ եւ 32 վայրկեան:
Նշենք, որ մրցաշարքի լաւագոյն 16 մարզիկներուն մէջ ըլլալով, Խաչանով մօտաւորապէս 260,000 տոլար մրցանակով պիտի հեռանայ Փարիզէն։