ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ Ապրիլ 28ի երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին, եկեղեցին պաշտօնապէս մեծարեց համայնքէն ներս իրենց բարեգործութիւններով ծանօթ երկու ամոլներ՝ Հիլտա եւ Պերճ Կուրտիկեաններն ու Սալբի եւ Վիգէն Մանկրեանները։
Մօտաւորապէս 200 ներկաներու առջեւ ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան՝ դրուատելով մեծարեալներուն բարեգործութիւնները եւ շեշտելով, որ եկեղեցին չի կրնար իր առաքելութիւնը լիուլի կատարել, առանց նման անձերու նեցուկին։
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, իր կարգին վեր առաւ մեծարեալները, իսկ հանդիսութեան ներկայ եղած Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ գնահատագիրներ յանձնեց մեծարեալներուն։
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախկին ատենապետ տոքթ. Գուրգէն Մաթոսեան, որ ներկայացուց մեծարեալ ամոլներուն համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեսիրական գործունէութեան մանրամասնութիւնները։ Ելոյթներ ունեցան նաեւ մեծարեալներուն զաւակները։
Հանդիսավարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբին, որուն ղեկը ստանձնած էին Ֆլորա Տունայեանց եւ Մարկրիթ Մկրուպլեան։
(Քաղուած՝ Մարկրիթ
Ղուկասեանի թղթակցութենէն)