ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
«Կենտրոն» հեռուստատեսութեան «Ուրուագիծ» յայտագիրով հանդէս կու գայ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարար ընկ. Արծուիկ Մինասեանը: Դիմատետրի ընկերներուս եւ առհասարակ Դիմատետրի համայնքին ուշադրութեան կը յանձնեմ այս շատ կարեւոր հարցազրոյցը (www.yerakouyn.com/?p=155215), ուր առաջին անգամ ըլլալով հանգամանաւոր քննարկման կը բերուին Հայաստանի տնտեսութեան այն ճնշիչ մարտահրաւէրները, որոնք կապ ունին տնտեսութեան շուկայական կառոյցին (market structure) եւ շուկայական ուժերու վարքագիծին (market conduct) հետ: Այլ խօսքով՝ նոր կառավարութիւնը ինքզինք կը դնէ երկրի մենաշնորհային համակարգը, ըստ էութեան, լուծարելու եւ տնտեսութիւնը մրցակցային դաշտ բերելու յանձնառութեան տակ: Նախարար Մինասեան կու տայ էական գիծերը այս քաղաքականութեան: Դաշնակցական նախարարը մեծ փորձ ունի այս մարզին մէջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը մտեր էր դաշինքի մէջ նախորդ իշխանութեան հետ, ճի՛շդ այս պատմական առաքելութեամբ, զոր գլխաւորողը Արծուիկ Մինասեանն էր: Օրուան նախագահն ու վարչապետը հրապարակաւ խոստացած էին հանրութեան, որ իրենք պիտի իւրացնէին այս քաղաքականութիւնը՝ կարելի դարձնելով ակնկալուած տեղաշարժը այս մարզին մէջ: Մնացեալը հանրածանօթ իրականութիւն է: Նախորդ իշխանութիւնը – հակառակ իր պերճաշուք հռետորաբանութեան – անհնարին դարձուց ամէն տեղաշարժ: Այսօր կը բացուի նոր էջ, եւ այս դժուարին գործին համար՝ կիրառման նո՛ր կարելիութիւն:
Հակամենաշնորհային քաղաքականութեան գործնական եւ անմիջական թիրախը մեր երկրին համար նոր ու որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումն է: Թէեւ այս հարցը ուղիղ քննարկման նիւթ չդարձաւ հարցազրոյցի ընթացքին, բայց յստակ է, որ ան հիմնական ենթատեքստն էր խօսակցութեան: Նախարարութեան պատասխանատուութիւններուն մաս կը կազմէ ներդրումներու խթանումը: Ներդրումները կրնան գալ երեք դրամագլխային աղբիւրներէ. ներքին ներդրողներէն, արտաքին ներդրողներէն եւ պետական ներդրումներէն։ Ընդունուած փաստ է, որ ներդրումային քաղաքականութեան բանալին տնտեսութենէն ներս վերաներդրումային (re-investment) ծաւալներու տարերային գործընթացն է: Առողջ տնտեսութիւն մը ինքնաբերաբար կը ստեղծէ այդ տարերային հոլովոյթին կենդանի միջավայրը:
Մենաշնորհային համակարգին նիւթած աղէտներէն մէկն ալ ա՛յն է, որ տարիներու ընթացքին ան ցամքեցուցած է այդ կենսական հոլովոյթը՝ իր շահոյթը լայն չափերով դուրս բերելով երկրէն: «Գաղթող» այս դրամագլուխը, իր կարգին, պատճառ եղած է, որ գաղթէ նաեւ երկրին աշխատուժը: Հետեւաբար՝ մեր այսօրուան արտագա՛ղթը:
Կառավարութեան հակամենաշնորհային քաղաքականութեան ամբողջացուցիչ բաղադրիչը՝ վերաներդրումային դաշտի աշխուժացո՛ւմն է: Աւելի՛ն. մենաշնորհային դաշտի լուծարման գործընթացը եւ վերաներդրումային դաշտի խթանումը պէտք է ձեւաւորուին իբրեւ մէկ ամբողջական փաթեթ (policy framework), որպէսզի կարելի ըլլայ երկրի ձեռներէցութիւնը տնտեսութեան մէջ ընդգրկուած պահել: Արտաքին ներդրողները շահագրգռող իրական ուժը ներքին ներդրողներու աշխոյժ գործունէութիւնը միայն կրնայ ըլլալ (բնականաբար մրցակցային պայմաններու մէջ): Այլապէս, արտաքին ներդրողը պիտի ակնկալէ առանձնաշնորհեալ պայմաններ իր ներդրումին դիմաց՝ ստեղծելով մենաշնորհային նոր խաւ մը տնտեսութեան մէջ:
Ես վստահ եմ, որ այս բոլորը մեր նոր տնտեսական քաղաքականութեան մաս պիտի կազմեն, եւ Հայաստան պիտի նուաճէ գերազանցութեան նոր ու փայլուն հանգրուան մը: