ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Դար մը առաջ, Մայիսեան յաղթանակի հրաշագեղ յայտնութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, որուն շնորհիւ պետականութիւն կերտեցինք:
Այսօր, ՀՕՄն ու ՀՕՄականը բարձրաճակատ կը յիշատակեն ոչ միայն մարտնչած Հայ զօրքը, որ մեզի մայիսեան յաղթանակ պսակեց, այլեւ ժողովուրդի բոլո՛ր հատուածները, որոնք կերտեցին անկախութիւնը, բարձր պահեցին մեր ազգային արժանիքները, եւ նոյնիսկ ազգային ծանր տագնապներու ընթացքին հայրենի հողէն բրտօրէն խլուած եւ օտար երկինքներու ներքեւ նետուած բեկորներուն համար հայապահպանման ամուր կռուաններ ստեղծեցին: Արդարեւ, Մայիս 28ը կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ու անկախ ապրելու բնածին ձգտումին տեսլականը ունեցող ա՛յն զաւակներուն, որոնք նոյնիսկ հերոսական մարտնչումի եւ գիտակցական նահատակութեան գնով՝ սեփական ու անկաշկանդ գոյութեան համար դարեր շարունակ պայքարեցան:
Ազատամարտի սերունդի նկրտումներէն մինչեւ Մեծ Եղեռնի գողգոթան, Մայիսեան հերոսամարտերու եւ անկախ պետականութեան ցաւատանջ երկունքին ընդմէջէն մինչեւ Արցախի ազատագրումն ու անկախացման հերոսապատումը, հայ կինը, իբրեւ մայր, բուժքոյր, զինեալ մարտիկ, խորհրդարանի անդամ, նախարար ու դեսպան ընդմի՛շտ մնալով պատնէշի վրայ՝ բերաւ իր ամբողջական մասնակցութիւնը հայ ազատ պետականութեան վերականգնումին, անբիծ ու բարձր պահելով մեր անկախութեան խորհրդանիշ Եռագոյն դրօշին ու Զինանշանին փառքն ու պատիւը:
Հայաստանի Անկախութեան հարիւրամեակի այս տօնական օրերուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ մնալու միշտ պատրաստ հայրենակերտ բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով շարունակելու իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կեդրոնական թէ շրջաններու իրագործումներով գօտեպնդուած, ներկայ ու ապագայ ծրագրաւորումներով խանդավառ, յաւելեալ պատասխանատուութեան ոգիով կը գործենք այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ՝ յանո՛ւն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու հզօրացման:
Յանո՛ւն մեր ֆետայիներուն ու ազատամարտիկներուն, որոնք հայդուկային այն անհաւասար կռիւներուն, մեր ժողովուրդի ճակատէն ջնջեցին երկար դարերու ստրկութեան խարանը:
Յանո՛ւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին եւ մեր հայրենիքը օժտեցին անկախ պետականութեամբ:
Յանո՛ւն մեր պապիկներուն ու մամիկներուն, որոնք իրենց նահատակ զաւակներուն ցաւը ամոքեցին՝ մղելով զանոնք միանգամընդմիշտ վերականգնելու ազգ ու հայրենիք:
Յանո՛ւն մեր նորահաս սերունդներուն, որոնք իրաւունքը ժառանգեցին տիրանալու հզօր հայրենիքի եւ ինքնիշխան ու ազատ պետութիւն։
Յանո՛ւն մեր բոլոր զինուորագրեալներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ Արցախի պետական սահմաններու խրամատներուն մէջ մեր վերազարթնող հայրենիքը կը պաշտպանեն:
Յանո՛ւն ազատատենչ հայութեան՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի՛ն: