ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած զինուորական հարուածի փորձէն ետք, բարձրաստիճան ութ զինուորականներ կրցած էին ուղղաթիռով Յունաստան փախչիլ եւ յանձնուիլ յունական իշխանութիւններուն։ Զանոնք Անգարա վերադարձնելու գծով դատավարութիւնը երկու տարիէ ի վեր կը շարունակուի, իսկ Մայիս 23ին անոնցմէ մէկուն վերաբերեալ վճիռը արձակուեցաւ արդէն։
Արդարեւ, վճռաբեկ ատեանը հաստատեց այն որոշումը, թէ պէտք է քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակ շնորհել ենթակային, հակառակ անոր որ Յունաստանի իշխանութիւնները բողոքած էին, թէ դատարանին այդ վճիռը վնաս պիտի պատճառէ երկրի շահերուն։
Հաւանական կը նկատուի, որ միւս 7 զինուորականներուն համար եւս նման վճիռներ արձակուին՝ նոր խնդիր մը տեղծելով Յունաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ։