ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած են սուրիական տագնապին լուծումը, ինչպէս նաեւ հաւաստած են երկու երկիրներուն յանձնառութիւնը՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին գծով կնքուած համաձայնութեան, հակառակ անկէ դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու որոշումին:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է Մայիս 12ին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան համար: