ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան 28 ռազմական օդանաւեր մասնակցած են Սուրիոյ վրայ Մայիս 10ին կատարուած յարձակումներուն եւ արձակած աւելի քան 60 հրթիռներ:
Ըստ նախարարութեան՝ յարձակումի թիրախ դարձած են իրանեան ուժերու տեղակայման դիրքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, միաժամանակ աւելցնելով, որ այդ համակարգերը յաջողած են իսրայէլեան հրթիռներուն աւելի քան կէսը վնասազերծել:
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին վստահեցուցած է, որ Իսրայէլ Իրանի հետ «ճակատումի մագլցումով չէ հետաքրքրուած»: Ան նաեւ Փութինէն խնդրած է, որ իր ազդեցութիւնը օգտագործելով մղէ Իրանը, որ Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութիւնը նուազեցնէ:
Աղբիւրները կը նշեն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իրանցիներուն պիտի փոխանցէ, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ Իրանի հետ բախում մը չի փափաքիր:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յոյս յայտնեց, որ «Իրանի հետ հարցին այս փուլին վերջ տրուի, եւ բոլորը հասկցան մեր պատգամը»՝ աւելցնելով. «Կացութեան մագլցում չենք ուզեր, եւ կը յուսանք, որ այս արարը վերջ գտաւ»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ Մայիս 11ին յայտարարեց, թէ շինծու են իսրայէլեան այն պնդումները, թէ Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան նորագոյն յարձակումը հակադարձութիւն էր իրանցիներու կողմէ գրաւեալ Կոլանի դէմ Սուրիայէն կատարուած ռմբակոծումին։ «Այս պատճառաբանութիւնը իրենց (իսրայէլացիներուն) կողմէ հնարուած է եւ անհիմն է», աւելցուց ան։