Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը, համագործակցաբար ազգային վարժարաններէն ներս դասաւանդող հայ լեզուի եւ գրականութեան խումբ մը ուսուցիչներու՝ տքնաջան աշխատանքով եւ բծախնդիր հետեւողականութեամբ կը ծրագրէ կեանքի կոչել Հայ գրականութեան դասաւանդման արդիական դասածրագիր մը, որուն ստեղծումը եւ կիրառումը հրամայական է 21րդ դարուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հասակ առած հայ պատանիին համար։
Նախորդ տարեշրջանին, Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Լիզա Կապուտեան եւ դոկտ. Յասմիկ Պարան, հերթական բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան Ազգային վարժարաններու Հայերէնի դասատուներուն հետ, այս ազնիւ նպատակին գործնականացման համար: Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսուցիչները առանձնաբար տարբեր նիստերով հանդիպեցան եւ քննարկեցին հայերէնի նոր դասածրագիրի ու դասաւանդման եղանակին մասին: Նկատի առած արդիականութեան պահանջը եւ մանաւանդ նոր սերունդի անմիջական առնչութիւնը արհեստագիտութեան ընձեռած լայն հնարաւորութիւններուն՝ բոլոր ուսուցիչները նորարարութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտեցին եւ դասագիրքերու ժամանակավրէպ ըլլալը հաստատեցին: Հետեւաբար, որոշուեցաւ նոր դասածրագիր՝ մատուցման նոր եղանակներու կիրառումով:
Մօտաւորապէս վեց ամիսէ ի վեր կը կատարուի համադրական եւ խմբագրման աշխատանքներ՝ երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան դասածրագիրի ու իրագործման եղանակին շուրջ։ Հայագիտական նիւթերու ուսուցիչները եւ Խնամակալ մարմինը շեշտը դրին բարձրագոյն կարգերու դասածրագիրին վրայ, նկատի առնելով որ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի պարագային, գոյութիւն ունի արդէն մօտաւորապէս միացեալ դասածրագիր մը, որուն ռազմավարական առանցքը կը կազմեն միացեալ դասագիրքերը՝ պատրասուած Ազգային առաջնորդարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Քիւրքճեանի 6-8րդ կարգերու դասագիրքերը: Իւրաքանչիւր ազգային վարժարան, ներքին մարտավարութեամբ մը, դասաւանդող ուսուցիչին եւ տնօրէնութեան հայեցողութեամբ կ՛ուսուցանէ հայ լեզուն, որպէս հիմնական առանցք ընդունելով տարիներ առաջ պատրաստուած Ազգային առաջնորդարանի միացեալ դասագիրքերը։
Առաջին հերթին, ուսուցիչները միասնաբար որոշեցին դասաւանդուելիք հեղինակներու ցանկը: Նկատի առնուած են Հայ գրականութեան դասական եւ ժամանակակից լաւագոյն հեղինակները, որոնց մասին պէ՛տք է իմանայ հայ պատանին-երիտասարդը: Ապա, իւրաքանչիւր կարգի համար՝ 9-12րդ, կատարուեցաւ նիւթերու հիման վրայ մասնագիտական բաժանումներ (թեմատիկ). օրինակ՝ սիրոյ թեման, որ արծարծուած է գրականութեան մէջ իր տարբեր ենթաբաժանումներով, ինչպէ՛ս պէտք է ներկայացուի կարգերու բաժանումին համաձայն: Սէր վերնագիրին տակ նաեւ կը նկատենք ստորաբաժանումներ, ինչպէս՝ ընտանիքի, հայրենիքի եւ ազգի սէրը, ապա՝ անոնք ինչպէ՛ս պէտք է տեղադրուին իւրաքանչիւր կարգի դասածրագիրին մէջ: Այս թեմատիկ բաժանումին հետ կը յարմարի հեղինակներու բաժանումը՝ ըստ կարգերու, որոնք պէտք է դասաւանդուին տուեալ տարուան ընթացքին, ու վերջապէս՝ ճշդել կարեւորագոյն գրական գործերը, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին այս նիւթին ու կը պատկանին հեղինակին: Թեման, հեղինակը եւ անոր գրական գործերը ճշդելէն ետք, անոնց մասին ուսուցանելու արդիական մեթոտներն ալ ներառնուեցան, որպէսզի ծրագիրը ամբողջանայ: Ինչպէս՝ տեսալսողական եւ մանաւանդ համացանցային հնարաւորութիւնները օգտագործել տուեալ նիւթերուն մասին, որոնք աւելի մատչելի ու հրապուրիչ են աշակերտին համար, բայց մանաւանդ՝ աւելի տպաւորիչ. տեսերիզներու պատրաստութիւն, գործնական աշխատանքներու իրագործում, վերլուծողական աշխատանքներ եւ քննադատական տրամաբանութիւնը զարգացնող բոլոր աշխատասիրութիւնները թելադրուած պիտի ըլլան ուսուցիչներուն, դասաւանդման նիւթերուն զուգահեռ, ինչ որ պիտի ուղղէ դասատուին աշխատանքը, անշուշտ՝ ստեղծագործական բաժինը իրեն վերապահելով: Օրինակ՝ բանաստեղծի մը մասին սորված միջոցին, աշակերտը անոր գործերը համացանցային կցուած կայքէջով պիտի կարդայ: Աշակերտը նաեւ պիտի լսէ բանաստեղծութիւնը՝ արտասանուած մեծ արուեստագէտի մը կողմէ, YouTube-ի նման կայքին միջոցաւ: Կարգ մը բանաստեղծութիւններ, որոնք երգի վերածուած են, աշակերտները կը լսեն ու կ՛երգեն միասնաբար՝ վերլուծելով հեղինակին բանաստեղծութեան գաղափարները եւ խանդավառուելով անոր կատարումով ու արուեստով։
Այսօրուան ամերիկահայ պատանի-երիտասարդին հասնելու եւ Հայ գրականութիւնը իրեն հասցնելու համար ամէն միջոց ի գործ դրուած է՝ շնորհիւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին: Հաւատալով, որ կրթութիւնը եւ կրթական համակարգը յարափոփոխ իրականութիւններ են՝ Խնամակալ մարմինը համոզուած է, որ բոլոր աշխատանքերը եւ հնարաւորութիւնները պէտք է յարմարցնել ժամանակի պահանջներուն:
Այս ծրագիրին ընթացքը գրեթէ կը գտնուի իր վերջնական փուլին մէջ եւ յաջորդ տարեշրջանին տրամադրելի պիտի ըլլայ ազգային վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն, որպէսզի անոնք օգտուին եւ միասնաբար սորվին արդիական ու հետաքրքրաշարժ ձեւով։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Խնամակալ մարմինի կրթական նոր ծրագիրին, միաժամանակ Հայ գրականութեան նորարար ուղիին կը մաղթենք կանաչ ճանապարհ, մինչեւ նոր հազարամեակներու թեւակոխում՝ մի՛շտ ժամանակակից մօտեցումներով:
(Հաղորդագրութիւնը՝ Խնամակալ Մարմինէն)