ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 1 Մայիս 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Glendale Adult Recreation Center-ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական երեկոն, որուն ընթացքին շրջանը գտնուող պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան դասախօսեց «Ջաւախքի Հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին» շահեկան նիւթին մասին:
Յանձնախումբին անունով՝ ներկաները շնորհակալական խօսքերով ողջունեց Դալար Գոսագեան եւ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան եւ քարտուղար Ռիթա Հինդլեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ Նենսի Պետիրեան եւ Արմէնուհի Թովմասեան, պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, ՀՕՄի անդամներ եւ հիւրեր:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Լենա Պօզոյեան, որ առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող համաժողովրդային արդար բողոքին բարի աւարտ մաղթելէ ետք՝ ներկայացուց Ջաւախքին օգտակար հանդիսանալու կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ յանձնախումբի ջաւախքեան աշխատանքներուն, որոնցմէ ընդգծեց երեք երիտասարդական կեդրոններու հովանաւորութիւնն ու ՀՕՄի «Ջաւախք» ճամբարի մասնակցութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ Ջաւախքի հետ առնչուելու կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայ կ՛այցելէ Ջաւախք, կը ծանօթանայ իր հայրենակիցներուն հետ եւ կը քաջալերէ զանոնք կառչած մնալու մեր պապենական հողերուն:
Ապա, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 9րդ կարգի աշակերտները հայու հարազատութեամբ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ նոյն կարգէն եռեակ մը խմբերգեց «Թռչէի մտքով տուն» զգացական երգը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ առաջին հերթին անդրադարձաւ հայրենիքի իրադարձութիւններուն, բարձր գնահատեց ժողովուրդի բողոքը եւ համոզում յայտնեց, որ երբ ժողովուրդը ինքնաբուխ ոտքի կ՛ելլէ իր արդար պահանջներուն համար, անպայմա՛ն կը յաջողի: Մելքոնեան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Ամերիկայի հեռաւոր այս ափերը բնակող հայութիւնը լաւապէս տեղեակ է Ջաւախքի մասին, մինչ ջաւախքցիները իրենց պատմութեան այնքան ալ ծանօթ չէին, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան օրով արտօնութիւն չունէին քննարկելու իրենց պապենական հողին առնչուող հարցերը:
Անդրադառնալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի պատմական կարեւորութեան՝ ան մանրակրկիտ ներկայացուց հայկական Ջաւախքի պատմականը, աշխարհագրական դիրքը, անցած դժուարին ուղին, հարեւան երկիրներու ժխտական կեցուածքը ջաւախքահայութեան նկատմամբ, կարեւոր մարտերու պատմական կարեւորութիւնը, թուղթի վրայ մնացած դաշնագիրները՝ կեդրոնանալով կարգ մը ջաւախքցի մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հերոսններու քաղաքական գործունէութեանց վրայ, որոնք ջաւախքահայութեան կողքին ըլլալէ բացի՝ նաեւ իրենց կարեւոր դերը ունեցած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման մէջ եւ այնուհետեւ: Այս իմաստով, ան անդրադարձաւ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Ռուբէն Դարբինեանի, Համօ Օհանջանեանի, ուսուցչուհի Սադենիկ Օհանջանեանի եւ ուրիշներու, որոնք իրենց գործունէութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ազգային մեր կեանքէն ներս: Ջաւախքցի պատմաբանը նաեւ ընդգծեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան չորս վարչապետներէն երկուքը ջաւախցիներ էին: Բնականաբար, ան չմոռցաւ անդրադառնալու նաեւ Արամ Մանուկեանին, Սիմոն Վրացեանին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ այլ կարեւոր ազգային դէմքերու:
Խիստ հետաքրքրական եւ կարեւոր այս ջաւախքեան պատմական տեղեկութիւններէն ետք, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու պատմաբան բանախօսին, որ իր կարգին սպառիչ պատասխան տուաւ բոլորին:
Եզրակացնելով՝ փրոֆ. Մելքոնեան անգամ մը եւս դրական անդրադարձ ունեցաւ հայրենիքի մէջ կատարուող երիտասարդական բողոքի շարժումին մասին: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այնքան ատեն որ ոտքի ելած հայրենի ժողովուրդը միակամ է եւ զայն առաջնորդող երիտասարդութիւնը՝ արդարութեան պահանջատէր, ան անպայմանօրէն յաղթական դուրս կու գայ այս իրողութենէն։
«Մենք ամէն օր բան մը կը սորվինք մեր երիտասարդութենէն. անոնք են, որ մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի անկախ ու արդար Հայաստան» ըսելով՝ փրոֆ. Մելքոնեան աւարտեց իր ելոյթը:
Երեկոն վերջ գտաւ ուշ ժամերու, սակայն մասնակիցներէն շատերը իրենց զրոյցը շարունակեցին փրոֆ. Մելքոնեանի հետ:
***
Ստորեւ՝ կենսագրական ամփոփ գիծերը փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի.
Աշոտ Մելքոնեան ծնած է 1961ին, Ջաւաքխի Ախալքալաք քաղաքը: 1977ին, ոսկէ մետալով աւարտած է Ախալքալաքի Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան թիւ 4 հայկական միջնակարգ դպրոցը: 1982ին, գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժինը: 1982-1985 եղած է նոյն համալսարանի Հայոց պատմութեան ամբիոնի ասպիրանտ:
1989ին պաշտպանած է թեկնածուական թէզը՝ «Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրում նահանգի հայ ազգաբնակչութիւնը՝ 19րդ դ. առաջին քառորդին» թեմայով: 2002ին դարձած է գիտութեան դոկտոր՝ «Ջաւախքը 19րդ դ. եւ 20րդ դարու առաջին քառորդին» թէզով: 2004էն ի վեր փրոֆեսէօր է: 2006ին դարձած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, 1986-91՝ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, 1991-95՝ գիտական քարտուղար, 1995-2002՝ փոխտնօրէն, իսկ 2002ին՝ տնօրէն:
Հեղինակ է 15 գիրքի եւ շուրջ 350 գիտական յօդուածներու, դպրոցական ու համալսարանական դասագիրքերու, ինչպէս՝ «Կարօտի Էրգիր» (2006), «Արարատ. Հայոց Անմահութեան Խորհուրդը» (2008), նաեւ՝ հեռատեսիլի ֆիլմերու: 2007ին բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը: Արժանացած է Հայաստան հիմնադրամի (1994) եւ «Հայկաշէն-Ուզունեան» (2004) մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ «Մովսէս Խորենացի» (2003), ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Գարեգին Նժդեհ» (2011), «Անդրանիկ Օզանեան» (2013), «Ֆրիտէոֆ Նանսեն», «Արգիշտի Առաջին» եւ այլ շքանշաններու: Ախալքալաքի պատուաւոր քաղաքացի է (2009): 2014ի Դեկտեմբերին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս: