29 Ապրիլին, Ճափոնի կառավարութիւնը յայտարարեց 2018ի Գարնանային շքանշաններու օտար դափնեկիրներուն անունները: Շարլ Ազնաւուրը անոնցմէ մէկն է եւ, ճանչնալով անոր ներդրումը Ճափոնի մէջ երաժշտութեան զարգացման եւ Ճափոնի ու Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ, ան արժանացաւ «Ծագող Արեւ» շքանշանին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանութենէն:
«Պրն. Ազնաւուրը, որ նաեւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանն է, աշխոյժ երաժշտական գործունէութիւն կը ծաւալէ արտասահմանի մէջ, ներառեալ՝ Ճափոնի: Հայաստանի մէջ Ճաբոնի դեսպանութիւնը իր ջերմ շնորհաւորանքը կը յղէ անոր՝ շքանշանը ստանալուն առիթով», կ՛ըսուի դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ: