«Մեկնելով մեր երկրին մէջ այսօր ստեղծուած իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական կառավարման համակարգի առանձնայատկութիւններէն՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան կը դիմէ «բոլոր քաղաքական ուժերուն՝ կամք, վճռականութիւն եւ ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ նստելու մէկ սեղանի շուրջ:
Բոլորս կը գիտակցինք, որ անհրաժեշտ են քաղաքակիրթ եւ կիրառական արագ լուծումներ՝ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար, որքան ալ այդ մէկը դժուար թուի: Վարչապետ կրնայ ընտրուիլ միայն խորհրդարանին մէջ՝ սահմանադրական ճանապարհով: Այլ լուծում գոյութիւն չունի ոչ տեսականօրէն, ոչ գործնականօրէն», գրուած է վարչապետի պաշտօնական կայքի վրայ։ Վարչապետի պաշտօնակատարը վստահութիւն կը յայտնէ, որ «համատեղ ուժերով այս փորձութիւնն ալ մեր երկիրը պիտի յաղթահարէ»:
Յիշեցնենք, որ վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածու, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ չստացաւ բաւարար թիւով ձայներ. անոր թեր քուէարկեցին 45, դէմ՝ 55 պատգամաւորներ: