Սթիւտիօ Սիթի, Քալիֆորնիա.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը հաճոյքով կը յայտարարէ, թէ Լոս Անճելըսի 2րդ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի ջանքերով, ՀՕՄի Սթիւտիօ Սիթիի գրասենեակը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցել իր շրջապատին:
21 Մարտ 2018ին, Փօլ Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին առաջարկ ներկայացուց, որ լիազօրէ Economic and Workforce Development Department-ը (EWDD), որպէսզի the Urban Development Action Grant-ի (UDAG) միջոցաւ դրամաշնորհ տրամադրէ ՀՕՄին:
Այս առաջարկին վաւերացումով, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը պիտի կարենայ 2018-2019ի իր ծրագիրով շարունակել ամբողջական ծառայութիւն մատուցել անբաւարար եկամուտ ունեցող Լոսանճելըսաբնակ անհատներու եւ ընտանիքներու: Անսահմանափակ այս ծառայութիւնները կը ներառեն աշխատանքի ղեկավարում (management), աշխատանքային ծառայութիւն, հարցաթերթիկներու ամբողջացում (քաղաքացիութեան, տնային, փոխադրամիջոցի եւ այլն), հանրութեան աջակցող նպաստներ, տեղեկութիւն-ուղղութիւն, առողջապահական ծրագիրներ (օրինակ Medi-Cal), խորհրդատուական ուղղորդումներ ու համայնքային այլ կենսական միջոցներ եւ այլն:
«Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի աշխատանքը խիստ կարեւոր է Լոս Անճելըսի բնակչութեան համար։ Ծառայելով լոսանճելըսաբնակ կարիքաւորներուն, ՀՕՄը նպաստած կ՛ըլլայ մեր ժողովրդավարական արժէքներուն: Ես համոզուած եմ, որ քաղաքապետական խորհուրդը պիտի վաւերացնէ իմ ներկայացուցած առաջարկը, որուն միջոցաւ ՀՕՄը աւելիով պիտի շարունակէ նպաստել ընդհանապէս կարիքաւորներու կեանքի բարելաւման նպաստող իր առաքելութեան», այս առիթով ըսաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գրիգորեան:
ՀՕՄի Սթիւտիօ Սիթիի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը գտնուի 11719 Moorpark St. հասցէին: Աշխատանքի ժամերն են՝ առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 4: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնեցէք գրասենեակ (818) 487-3985 թիւով կամ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գլխաւոր գրասենեակ (818) 241-7533 թիւով:
* * *
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը հաւատարմօրէն մատուցում է գրասենեակային ծառայութիւնն անբաւարար եկամուտ ունեցող անհատներին եւ ընտանիքներին, իր չորս գրասենեակներով, որոնք գտնւում են Կլենտէյել, Փասատինա, Հոլիվուտ եւ Նորթ Հոլիվուտ քաղաքներում: Ծառայութիւնների մէջ ընդգրկուած են հարցաթերթիկների լրացում, բնակարանային եւ փոխադրամիջոցի առնչուող հարցերի լուծում, աշխատանքի տեղաւորելու ծառայութիւններ, անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասընթացներ, անվճար քաղաքացիութեան քննութեան պատրաստում եւ աւելին: ՀՕՄի գրասենեակ կարող էք զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամրով՝ (818) 241-7533 կամ socialservices@arswestusa.org էլեկդրոնային հասցէով: